11 May, 2013

ՙՀայ պատանին պէտք է կազմաւորուի մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ.ի պատանեկան միութիւններուն պատկանող շուրջ 200 պատանիներ, առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատուներուն: Վեհափառը ողջունելով պատանիները շեշտեց մեր ազգի աւանդութիւնները ու արժէքները իրենց կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու ու անոնցմով շաղախելու իրենց կազմաւորումը: Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Ապա ան հարցումներ հարցուց պատանիներուն Հայաստանին, Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ Դատին առնչուած նիւթերու մասին եւ քաջալերեց անոնց մասնակցութիւնը պատանեկան ու մարզական միութիւններուն:

 

Յիշեալ պատանիները շուրջ երկու ժամ մնացին Մայրավանքին մէջ, այցելեցին Նահատակաց Մատուռը եւ մոմ վառելով իրենց ուխտը վերանորոգեցին, այցելեցին նաեւ Մայր Տաճարը, յետոյ Կիլիկիա թանգարանը, ուր Հայր Պարոյրը իրենց բացատրութիւն տուաւ թանգարանին մէջ գտնուող պատմական իրերուն մասին: Ապա Հայր Վարանդը դասախօսութիւն մը տուաւ պատանիներուն ՙՀայ Եկեղեցւոյ դերը ազատագրական շարժման մէջ՚ նիւթին մասին:      

 

Պատանիներու Անթիլիաս այցելութիւնը վերջ գտաւ Աջահամբոյրով եւ խմբային յիշատակի լուսանկարով:

More News