18 Հուլիսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

 

Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանան ժամանած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն ու Միաբան Հայրերուն, ժամանեց Կաթողիկոսութեան խնամքին ներքեւ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, Ժըպէյլ, կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը:

 

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մարոնի եկեղեցւոյ Րաի Պատրիարքը, Լիբանանի Վարչապետին եւ Խորհրդարանի Նախագահին ներկայացոցիչը՝ Լիբանանի Մշակոյթի Նախարար Տիար Րոնի Արայժի, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները ներկայացնող շարք մը հոգեւոր առաջնորդներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պետական անձնաւորութիւններ, Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիյատ Հաուաթ, թանգարանի բարերար՝ Պէզիքեան ընտանիքի անդամներ, ազգայիններ, «Թռչնոց Բոյնի» մէջ պատսպարուած նախկին որբեր եւ հոծ թիւով հայ ժողովուրդի զաւակներ:

 

            Բացման խօսքը արտասանեց «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Տիկ. Սեդա Խտըշեան: Ան հակիրճ ներկայացուց պատմականը Դանիական եկեղեցիներու նախաձեռնած մարդասիրական հիմնարկին, անդրադառնալով «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյգըպսընի՝ «Մամա»ին որբահաւաքի անձնուէր առաքելութեան ու անոր թողած վաստակին հայ որբախնամութեան աշխատանքին մէջ: Վերջապէս, Տիկ. Խտըշեան բացատրութիւն տուաւ թանգարանի իրագործուած աշխատանքներուն ու նպատակին մասին:

 

Թանգարանի բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ իր հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հազարաւոր որբերէն մին եղած է, որ պատսպարուած է այս մարդասիրական հաստատութենէն ներս: Յուզումնախառն ձայնով ան ըսաւ, թէ իրեն համար բարոյական պարտաւորութիւն էր այս բարերարութեան ճամբով նախ, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու հաստատութեան բոլոր անձնուէր ծառայողներուն եւ ապա, իր հօր յիշատակին ընդմէջէն յարգելու բոլոր որբերը, որոնց դերը հսկայական եղաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիյատ Հաուաթ խօսեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան կարեւորութեան մասին եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ շրջանէն ներս ապրող հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին՝ պատմական Պիպլոս (Ժըպէյլ) քաղաքի զարգացման ու բարգաւաճման գործին: Քաղաքապետը նաեւ վստահեցուց, թէ նորակառոյց այս թանգարանը յատուկ տեղ պիտի գրաւէ Ժըպէյլի զբօսաշրջիկութեան ծրագիրներէն ներս:

 

Խօսք առաւ Մշակոյթի Նախարար Րոնի Արայժի, որ նաեւ կը ներկայացնէր Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պրրին եւ Վարչապետ Թամմամ Սալամը: Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի խօսքը ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

 

Մարոնի եկեղեցւոյ Րաի Պատրիարք, որ նախքան պատրիարք ընտրուիլը երկար տարիներու առաջնորդն էր Ժըպէյլի Մարոնի համայնքին, յայտնեց թէ ինք լաւ կը ճանչնայ այս հաստատութիւնը եւ անոր տարած մարդասիրական գործունէութիւնը, շեշտելով թէ մարդասիրական ծրագիրներու հովանաւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասն է: Պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին կարեւորութեան՝ իբր անբաժան մասը լիբանանեան ընկերութեան, եւ իր ունեցած եղբայրական յարաբերութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Վերջապէս, Պատրիարքը յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նշելով թէ Լիբանանի ժողովուրդը անմասն չէր մնացած Օսմանեան պետութեան սփռած արհաւիրքէն եւ ան եւս ենթարկուած էր սովի ու կոտորածներու: Պատրիարքը եզրափակեց ըսելով, թէ դժբախտաբար այսօր եւս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ Միջին Արեւելքէն ներս:

 

Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»ի առաքելութեան հաւատացող բոլոր անձնուէր ծառայողները եւ բարերարները: Ապա, անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի իւրայատկութեան, վստահեցնելով թէ թանգարանի բացումը պարզապէս սկիզբ մըն է: Արխիւներու հաւաքման աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ մեր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծել ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան յատուկ կեդրոն մը: Ան գնահատեց Պէզիքեան ընտանիքը եւ բոլոր ճարտարապետներն ու մասնագէտները, որոնք իրականացուցին այս արդիական եւ պատուաբեր թանգարանին իրագործումը: Ողջունելով հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու, դեսպաններու եւ պետական ու քաղաքական հիւրերու ներկայութիւնը, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ըսելով, որ անոնք մասնակից կը դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։ Եւ ապա, անդրադառնալով 100-ամեակի իմաստին ու պատգամին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ թանգարանը մեր ժողովուրդին համար կոչ մըն է յիշելու մեր նահատակները ու իր հաւատարմութիւնը վերանորոգելու անոնց սրբազան կտակին նկատմամբ, միանգամայն՝ յիշեցնելու համայն մարդկութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու դատապարտումը հրամայական է՝ կանխելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջելու ցեղասպան Թուրքիայէն։

 

Խօսելով թանգարանին մասին, Նորին Սրբութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած այս թանգարանը նկատեց կենդանի յիշատակարան մը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք զոհը դարձան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան։ Ան աւելցուց ըսելով թէ «Թանգարանը նաեւ կենդանի յուշարար մըն է հազարաւոր որբերու, որոնք Լիբանանի մէջ խնամք ու դաստիարակութիւն ստացան՝ ամերիկեան, զուիցերիական ու դանիական մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Թանգարանը խօսուն վկայութիւն մըն է այն նշանակալից դերին, զոր Լիբանանը ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան մէջ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը ատելութիւն ու ջարդ տեսաւ. սակայն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ան սէր ու կեանք գտաւ։ Ահա, թէ ինչու Լիբանանը դարձաւ սիրտը Սփիւռքի հայութեան։ Թռչնոց Բոյնի եւ Լիբանանի այլ որբանոցներուն մէջ պատսպարուած մեր որբերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին հայ ժողովուրդի վերածննդեան՝ Լիբանանէն սկսեալ մինչեւ ի Սփիւռս աշխարհի»։

 

Եզրակացնելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Թռչնոց Բոյնին մէջ խնամուած ու դաստիարակուած որբերէն Արամ Պէզիքեանի զաւակը Ալեքքօ Պէզիքեան, ահաւասիկ այս թանգարանին բարերարութիւնը ստանձնած է, որպէս յիշատակ իր հօր եւ երախտագիտութիւն՝ Լիբանանին նկատմամբ։

 

Հանդիսութեան աւարտին, բոլոր հիւրերը ուղղուեցան թանգարանին մուտքը, ուր Նորին Սրբութիւն հատելով ժապաւէնը բացումը կատարեց որբերու պատմութեան վկայարանին: Ապա, ներկայ պատրիարքները եւ հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցութեամբ մօտէն ծանօթացան թանգարանէն ներս ցուցադրուած իրերուն եւ նկարներուն:

 

 

More News