18 July, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015-ը, յատկանշական եւ յիշատակելի օր եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Արդարեւ, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Յուլիս 2015-ի վրայ երկարող, Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հրաւիրուած եկեղեցիներու պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները սկսան ժամանել Անթիլիաս:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ամբողջ օրուան ընթացքին մինչեւ ուշ գիշեր, յաջորդաբար ընդունեց Եթովպիոյ քոյր եկեղեցւոյ Ն.Ս. Մատթէաս Ա. Եթովպիոյ Պատրիարքը, Ն.Ս. Թէոդորոս Բ. Աղեքսանդրիոյ Յունաց Պատրիարքը, Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Քըրթ Քոխը, Ն.Ս. Խրիսոսթոմոս Բ. Կիպրոսի Արքեպիսկոպոսը, Հնդկաստանի քոյր եկեղեցւոյ Ն.Ս. Պասիլիոս Մարթոմա Փաուլոս Բ. Կաթողիկոսը, եւ Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը, իրենց պատուիրակութիւններով:

Հանդիպումները առիթ հանդիսացան քննարկելու եկեղեցիները յուզող զանազան հարցեր: Հոգեւոր պետերը շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առիթով, եւ շնորհաւորեցին հայ ժողովուրդին համար այնքան նուրիական այս պատմական դէպքը: Նշենք, որ անոնք նաեւ հայ ժողովուրդին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

Յայտնենք, որ ամբողջ օրուան ընթացքին Անթիլիաս ժամանեցին տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, ինչպէս նաեւ զանազան միջ-եկեղեցական խորհուրդներու եւ կազմակերպութիւններու ընդհանուր քարտուղարներն ու պատասխանատուները:

 

More News