News

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

07 July 2015

Ա. Միւռոնի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը իր նախատիպը ունի Հին Կտակարանի մէջ: «Միւռոն» բառը տառադարձութիւնն է Յունարէն` μυρον բառին եւ կը նշանակէ` անուշաբոյր իւղ: Անուշաբոյր իւղի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը սուրբգրային հիմք ունի: Աստուած ինքն էր որ Մովսէս մարգարէին պատուիրեց անուշաբոյր իւղ պատրաստել, եւ նոյնիսկ թուեց այն պատուական համեմները զոր պէտք էր գործածուէին իւղի պատրաստութեան համար (Ելից 30.22-25: Տե´ս նաեւ 35.8,28, եւլն): Հին Կտակարանի մէջ պատրաստուած այս անուշաբոյր իւղը կը կոչուէր` «Օծման իւղ» (Ել 30.25, 35.8,15,28, 39.38, եւլն):

 

Անձ մը կամ բան մը օծելու համար օծման իւղէն կը գործածուէր: Քահանաները օծման իւղով կ'օծուէին (Ել 29.7, 30.30: Ղւ 6.20, 8.12,30, 16.32, 21.10,12, եւլն): Քահանաներուն հագուստներն ալ անով կ'օծուէին, կ'օրհնուէին ու կը սրբուէին (Ել 29.21, Ղւ 8.30): Եւ տակաւին, նոյն այդ իւղով կ'օծուէին վկայութեան խորանն ու տապանակը, սուրբ սեղանն ու անոր բոլոր անօթները, աշտանակն ու անոր գործիքները, խունկին սեղանը, ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանն ու անոր խարիսխը (Ել 30.26-28: Տե´ս նաեւ` 40.9: Ղւ 8.10-11, Թւ 7.1, եւլն):

 

Բ. Իւղն ու իւղի գործածութիւնը Նոր Կտակարանի մէջ

 

Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ընթացքին սովորութիւն էր իւղով օծել թանկագին հիւրերուն գլուխներն ու ոտքերը: Այսպէս, օրինակ, կը տեսնենք թէ ինչպէս երբ «Յիսուս Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնին տան մէջ սեղան բազմած էր, կին մը եկաւ, որ ազնիւ եւ սուղ նարդոս իւղի շիշ մը ունէր, եւ շիշը կոտրելով` իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն» (Մր 14.3: Մտ 26.6-7): Առիթով մը երբ Յիսուս Բեթանիա կը գտնուէր` Ղազարոսի տան մէջ, Ղազարոսի քոյրը` Մարիամ ընթրիքի ատեն «շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով` օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք» (Յհ 12.3): Երբ Յիսուս Փարիսեցի Սիմոնին տան մէջ կը գտնուէր, պոռնիկ կին մը եկաւ եւ սկսաւ արցունքներով անոր ոտքերը թրջել, մազերով սրբել, համբուրել եւ իւղով օծել զանոնք (Ղկ 7.38): Դրուագի գրեթէ աւարտին, Յիսուս Սիմոնին ըսաւ. «Դուն գլուխս իւղով չօծեցիր, մինչ ասիկա ոտքերս օծեց անուշահոտ իւղով» (Ղկ 7.46): Յիսուսի այս խօսքը ուղղուած Սիմոնին, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ այն ատեն թանկագին հիւրերուն գլուխներն ու ոտքերը իւղով օծելը սովորութիւն էր: Յիշենք նաեւ որ ծոմապահ մարդը նաեւ կրնար ինքնիր գլուխը օծել. «Երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ´ գլուխդ...» (Մտ 6.17): Այսօր ծոմապահներ իրենց գլուխները իւղով օծելու սովորութիւնը չունին: Մեր եկեղեցւոյ 11-րդ դարու հայրերէն` Անանիա Սանահնեցի, կը խօսի «մեր գլուխները սրբութեամբ օծել»ու մասին, իսկ «մեր գլուխները սրբութեամբ օծել», կը նշանակէ «հաղորդ եւ կցորդ ըլլաս Քրիստոսի»:

 

Տիրոջ մարդեղութեան օրերուն հիւանդները իւղով օծելն ալ իրական սովորութիւն մըն էր, եւ ասիկա հաւանաբար նոյնինքն Տիրոջ կողմէ տրուած հրահանգ մըն էր: Օրինակ, կը տեսնենք թէ ինչպէս երբ Յիսուս տասներկու աշակերտները առաքելութեան ղրկեց, անոնք «գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել որ ապաշխարեն: Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ'օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին» (Մր 6.12-13): Ես չեմ խորհիր որ աշակերտները ինքնագլուխ կերպով սկսան իւղի գործածութեան: Ատիկա անպայմանօրէն Տիրոջ կողմէ իրենց տրուած պատուէր մըն էր: Հիւանդները իւղով օծելու Տէրունական այս պատուէրը, հետագային առաքելական պատուէր ու հրահանգ դարձաւ: Յակոբոս իր նամակին վերջին գլուխին մէջ կ'ըսէ. «Մէկը հիւանդացա՞ւ` թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով» (Յկ 5.14):

 

Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի օրերուն, ո´չ միայն թանկագին հիւրերուն գլուխներն ու ոտքերը, ինչպէս նաեւ հիւանդները իւղով օծելը գոյութիւն ունեցող սովորութիւն մըն էր, այլ նաեւ` մեռելներուն մարմինները իւղով օծելն ալ սովորութիւն էր: Օրինակ, երբ Յիսուս մեռաւ, կը տեսնենք թէ ինչպէս քանի մը բարեպաշտ կիներ գացին օծելու անոր մարմինը (Մր 16.1):

 

Քիչ ետք պիտի տեսնենք թէ ինչպէս թէ անցեալին կ'օծուէին մարգարէները, քահանաները եւ թագաւորները: Քրիստոս թէ´ մարգարէ էր (Բ.Օր 18.15,18), թէ´ քահանայ էր (Սղ 110.4), եւ թէ´ թագաւոր (Ես 9.6-7), եւ արդէն «Քրիստոս» բառն իսկ կը նշանակէ` օծեալ: Եւ եթէ մենք քրիստոնեայ կը կոչուինք` սա կը նշանակէ թէ մենք եւս օծեալներ ենք: Մենք «քրիստոնեայ» կը կոչուինք ո´չ միայն որովհետեւ Քրիստոսի կը հաւատանք ու կը հետեւինք, այլ նաեւ` որովհետեւ սուրբ միւռոնով օծուած ու կնքուած ենք: Չմոռնանք որ «քրիստոնեայ» բառը կը նշանակէ` օծեալ, եւ մենք քրիստոնեայ, այսինքն` օծեալ կը կոչուինք` Սուրբ Հոգին խորհրդանշող միւռոնին օծութիւնը ունենալնուս համար:

 

Հետեւաբար, իւղը խորհրդանիշ է Սուրբ Հոգիին: Ոմանք Սուրբ Հոգիին օծութիւնը, այլ խօսքով` հպումը կը ստանային կատարելու համար Աստուծոյ կողմէ իրենց յանձնուած յատուկ պաշտօն մը, իսկ ուրիշներ` իւղով կ'օծուէին կատարելու համար Աստուծոյ կողմէ իրենց յանձնուած յատուկ պաշտօն մը. բայց երկու պարագաներուն ալ` թէ´ Սուրբ Հոգիին կողմէ օծուածը եւ թէ´ իւղով օծուածը` կը կոչուէին` «Աստուծոյ օծեալները», եւ Աստուած կ'արգիլէ անոնց դպչիլը` անոնց վնաս հասցնելու նպատակով: Թէ Աստուած կ'արգիլէ` ասիկա բացայայտ կը դառնայ երբ կը կարդանք Յայտնութեան գիրքին 6-րդ գլուխը: Երբ Գառնուկը երրորդ կնիքը կը բանայ` հանդէս կու գայ սեւ ձի մը, որուն հեծեալը իր ձեռքին ունէր կշիռք մը, եւ որուն կը հրամայուի որ ձէթին եւ գինիին վնաս չտայ (Յյտ 6.5-6): «Ըստ մեկնութեան սրբոց վարդապետաց աստուածաբանից եկեղեցւոյ», հոս յիշուած հեծեալը կը ներկայացնէ Հռոմի Տիտոս զօրավարը, իսկ ձէթն ու գինին` Քրիստոսի հաւատացեալները, որոնք Քրիստոսի սիրոյն գինիով եւ անոր ողորմութեան ձէթով փրկուեցան: Արդարեւ, երբ Տիտոս զօրավար Երուսաղէմ պիտի յարձակէր զանիկա կործանելու համար, Աստուած դրդեց քրիստոնեաներուն սիրտերը որ դուրս գան Երուսաղէմէն, եւ անոնք դուրս եկան եւ ազատեցան ջարդէն:

 

Վերջապէս, մտաբերենք որ Յիսուս Բարի Սամարացիին առակին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ վիրաւոր մարդուն վէրքերուն վրայ ձէթ ու գինի դնող անձ իբրեւ (Ղկ 10.34): Այս օրինակը անուղղակի կերպով ցոյց կու տայ մեզի` հետագային հիւանդները իւղով օծելու Տէրունական հրամանը:

 

Գ. Իւղը` մեր հայրերու գրականութեան մէջ

 

Վերեւ յիշեցինք Յակոբոսի հետեւեալ պատուէրը. «Մէկը հիւանդացա՞ւ` թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով» (Յկ 5.14): Մեր եկեղեցւոյ 12-րդ դարու հայրերէն` Սարգիս Շնորհալի Վրդ. խօսելով սոյն պատուէրին մասին, կը հաստատէ, թէ քահանաները հոգեւոր բժիշկներ են, եւ իրենց գործածած բժշկութեան դեղը` իւղը նաեւ հոգեւոր է եւ աստուածային: Ան կ'ըսէ. «Փոխանակ նոյն եւ մէկ իւղին որ կը կազմուէր ու կը պատրաստուէր Օրէնքին համաձայն, եւ որով կ'օծուէին, քահանաները, թագաւորները եւ մարգարէները, առաքեալներուն ձեռքով բազում իւղեր շնորհուեցան եկեղեցւոյ: Առաջին եւ մեծ իւղը` մկրտութեան աւազանին իւղն է, որ կը պատկերացնէ Սուրբ Հոգիին շնորհքները, եւ զոր կ'անուանենք` "Սուրբ Մեռոն", այսինքն` մեռուցիչ բոլոր ախտերուն, որով մեղքի մէջ մեռած մարդիկը մեծ պատիւի կը բարձրանան եւ Աստուծոյ զաւակները կը կոչուին: Կայ նաեւ ուրիշ իւղ մը որ կը շնորհուի երախաներուն քահանաներուն օրհնութեամբ: Տակաւին, կայ հիւանդներուն համար գործածուող իւղը, եւ վախճանածներուն համար գործածուող իւղը» :

Իւղի գործածութիւնը կարեւոր է, բայց պէտք չէ մոռնալ որ զայն պէտք է գործածել Յիսուսի անունով, որովհետեւ Յիսուսի անունն է որ հիւանդները կը բժշկէ եւ ո´չ թէ լոկ իւղը: Իւղը քսելու արարողութեան` պէտք է ընկերանայ Յիսուսի անունը տալու արարողութիւնը: Չմոռնանք որ Յակոբոս առաքեալ 5.14-ին մէջ կը պատուիրէ որ հիւանդները Տիրո´ջ անունով օծենք: Այս մասին Սարգիս Շնորհալի Վրդ. կ'ըսէ. «Տիրո´ջ անունով օծելը` առաքելական օրէնք է: Բժշկութիւնները զոր առաքեալները կ'ընէին` Տիրոջ անունով կ'ընէին: Այսպէս, օրինակ, «Յիսուս Քրիստոսի անունով` ե´լ եւ քալէ» ըսին ի ծնէ կաղին (Գրծ 3.6): Անդամալոյծ Ենէասին Պետրոս ըսաւ «Ենէա´ս, Տէրը` Յիսուս Քրիստոս կը բժշկէ քեզ. ե´լ, եւ դուն ի´նքդ շտկէ անկողինդ» (Գրծ 9.34): Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով էր որ Պետրոս առաքեալ յարութիւն տուաւ Տաբիթային (Գրծ 9.40): Եւլն: Այսպէս, առաքեալները ամէն տեղ Յիսուսի անունով էր որ կը բժշկէին հիւանդները: Հոս ալ, Յիսուսի անունով օծել կը պատուիրէ առաքեալը: Բացայայտ է, հետեւաբար, ինչպէս ես կը խորհիմ, թէ իւղը չէր որ առողջութիւն կու տար հիւանդին, այլ` Յիսուսի անունը» :


Մեր եկեղեցւոյ 12-րդ դարու հայրերէն` Սարգիս Կունդ Վրդ. ունի Ընդհանրական եօթը նամակներուն վերաբերեալ մեկնութիւն մը, զոր կը վերագրուի Աթանաս Աղեքսանդրացիին: Սարգիս Վրդ. խօսելով Յկ 5.14-ին մասին` կ'ըսէ. «Անոնք որոնք կը տկարանան իրենց ուղղափառ հաւատքին մէջ, պէտք է կանչեն եկեղեցւոյ քահանաները, որպէսզի իրենց աղօթքով օգնական ըլլան իրենց հաւատքին մէջ երկբայութիւն, այսինքն` կասկած ունեցողներուն: Որովհետեւ, քահանաները իբրեւ հովիւներ, կոչուած են արածել Տիրոջ բանաւոր հօտը, բորոտները սրբել, կաղերը փաթթել, մոլորեալները դարձի բերել, եւ օրհնեալ իւղով օծել զանոնք Տիրոջ անունով, ինչպէս առաքեալները կ'օծէին իւղով» :


Անցեալին իւղով կ'օծուէին մարգարէները, քահանաները եւ թագաւորները: Սա բացայայտ կը դառնայ երբ կը կարդանք Աստուածաշունչը: Այսպէս, օրինակ, թագաւորներու օծման վերաբերեալ կը կարդանք, թէ Սամուէլ շիշ մը իւղ հեղուց Սաւուղի գլխուն վրայ եւ զանիկա թագաւոր օծեց (Ա.Թգ 10.1): Սամուէլ Եղջիւրաիւղով թագաւոր օծեց նաեւ Դաւիթը (Ա.Թգ 16.13, հմմտ Սղ 23.5, 45.7, 89.20): Սադովկ քահանան Եղջիւրաիւղով թագաւոր օծեց Սողոմոնը (Գ.Թգ 1.39): Մարգարէ մը թագաւոր օծեց Յէուն (Դ.Թգ 9.1-6): Իսկ քահանաներու օծման մասին կը կարդանք` Ահարոնի եւ անոր որդիներուն օծման մասին (Ել 29.7: Ղւ 6.20, 16.32, 21.10, եւլն): Վերջապէս, կը կարդանք նաեւ մարգարէներու օծման մասին. օծուեցաւ Դաւիթ (Ա.Թգ 16.13). Աստուած բոլոր մարգարէները կը կոչէ իր օծեալները (Ա.Մն 16.22, 105.15, եւլն):

 

Դ. Միւռոնը խորհրդանիշն ու խորհուրդն է Սուրբ Հոգիին

 

Միւռոնը ո´չ միայն խորհրդանիշն է Սուրբ Հոգիին, այլեւ` խորհուրդն է Սուրբ Հոգիին, խտացեալ զօրութիւնն է Սուրբ Հոգիին, թանձրացեալ պատկերն է Սուրբ Հոգիին:

 

Նիւթական միւռոնը` աննիւթական Սուրբ Հոգիին շօշափելի ներկայութիւնն է, որ երբ համակէ մեր էութիւնը, մեր սիրտն ու հոգին` մեզ կ'ազատէ նիւթին ու նիւթականին գերութենէն:

 

Երեւելի միւռոնը` աներեւելի Սուրբ Հոգիին երեւելի նշանն է, որ մարդուն մէջ աներեւելի կերպով կը գործէ, որուն արդիւնքը սակայն երեւելի կ'ըլլայ:

 

Համբուրելի ու Սուրբ Հոգիին համբոյրն է միւռոնը, որ երբ տրուի մարդուն` Աստուծոյ սիրոյն հպումը կը զգայ մարդը:

 

Սուրբ Հոգիին մշտաբորբոք լապտե´րն է միւռոնը, որ երբ վառի մարդուն կեանքին մէջ` ո´չ միայն կ'ազատէ մարդը խաւարէն, այլեւ լո´յս կը դարձնէ մարդը ընդդէմ խաւարին:

 

Սուրբ Հոգիին ոսկեթոյր մատանի´ն է միւռոնը, որ երբ կը դրուի հաւատացեալին մատին` անիկա կը դառնայ հարսը երկնաւոր Փեսային:

 

Սուրբ Հոգիին անգին գա´նձն է միւռոնը, որ երբ յանձնուի հաւատացեալին` կը հարստանայ անոր հոգին:
Սուրբ Հոգիին մաքրիչ կրա´կն է միւռոնը, որ երբ դպչի մարդուն` կը մաքրէ զանիկա ու կը դարձնէ մաքուր բնակարանը` Մաքրամաքուրին:

 

Սուրբ Հոգիին գոհարազարդ թա´գն է միւռոնը, որ երբ զետեղուի մարդուն գլխուն` անիկա կը դառնայ թագաւորազուն զաւակը թագաւորներու Թագաւորին:

 

Սուրբ Հոգիին ողորմութեան դո´ւռն է միւռոնը, որ երբ բաղխուի ու բացուի` մարդը Ողորմածին ողորմութեան պտուղը կ'ըլլայ:

 

Սուրբ Հոգիին առագա´ստն է միւռոնը, ուր երբ մտնէ մարդը` կը դառնայ ըմբոշխնիչն ու երգիչը Աստուծոյ սիրոյն:

 

Ե. Երբ կ'օրհնուի միւռոնը...

 

Միւռոնը ձէ´թ է, բայց երբ կ'օրհնուի Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի աջով` կը դառնայ բժշկարար ձեռքը Սուրբ Հոգիին, որմէ եթէ բռնենք հաւատքով` հոգեւոր բժշկութիւն ձեռք կը ձգենք:

 

Միւռոնը ծաղիկներու ամբողջութի´ւն մըն է, բայց երբ կ'օրհնուի` կը դառնայ ամբողջութիւնը Սուրբ Հոգիին կողմէ պարգեւուած առաքինութիւններու, զոր եթէ ընդգրկենք` մեր կեանքը կը գեղեցկանայ առաքինութեանց առինքնող ծաղիկներով:

 

Միւռոնը համեմներու հաւաքածո´յ մըն է, բայց երբ կ'օրհնուի` կը դառնայ համն ու համեմը, եւ բոյրն ու բուրմունքը Սուրբ Հոգիին, զոր եթէ ընկալենք աներկբայ հաւատքով` կը դառնայ համը մեղքով անհամացած մեր կեանքին, եւ բոյրն ու բուրմունքը` մեղքով գարշահոտած մեր կեանքին:

 

Միւռոնը սրբարար զօրութեան կը վերածուի` երբ Տիրոջ սրբարար անունովը կ'օրհնուի:

 

Միւռոնը կենդանարար աղբիւրի կը վերածուի` երբ Սուրբ Հոգիին կենդանարար ներգործութիւնը կ'ապրի:

 

Միւռոնը ազատարար խորհուրդի կը վերածուի` երբ ազատարար խաչին նշանովը կ'օրհնուի:

 

Միւռոնը կեա´նք կը դառնայ` երբ կը հեղուի յաւիտենական կեանքի կարօտ հոգիի մը մէջ:

 

Միւռոնը հո´ւր կը դառնայ` երբ կը լեցուի Տէր Յիսուսի հուր սիրովը լեցուն սրտի մը մէջ:

 

Միւռոնը նորոգութի´ւն կը դառնայ` երբ կը հանդիպի նորոգութեան ծարաւ հնամաշ կեանքի մը:

 

Միւռոնը բժշկութի´ւն կը դառնայ` երբ հոգեւոր բժշկութիւն որոնողի կը մատակարարուի:

 

Զ. Առաջին եկեղեցին եւ զայն իւղով օծողը

 

Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ` եկեղեցին բազմաթիւ անգամներ կոչուած է «Աստուծոյ տունը» եւ «երկինքի դուռը»: Երկու այս բացատրութիւններն ալ սուրբգրային են, եւ առաջին անգամ գործածուած են Յակոբ Նահապետին կողմէ: Աստուած երազով մը Բեթէլի մէջ անոր կը յայտնուի եւ կը խօսի: Յակոբ առաւօտ կանուխ արթննալէ ետք` վախով ըսաւ. «Ի՜նչ ահաւոր է այստեղը. այս ուրիշ բան չէ` բայց միայն Աստուծոյ տունը: Այս է երկինքի դուռը»: Այս խօսքէն ետք` ան «իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց, եւ այն տեղին անունը` Բեթէլ, այսինքն` «Աստուծոյ տունը» դրաւ» (Ծն 28.17-19, 35.14): Յակոբի կանգնեցուցած այս քարը` կը հանդիսանայ առաջին եկեղեցին, որուն օծումը Յակոբ ինք կատարեց, եւ հետագային, քրիստոնէական եկեղեցին, եկեղեցիները օծելու սովորութիւնը կամ աւանդութիւնը Յակոբ նահապետի այս արարքէն թելադրուելով է որ կատարեց ու կը կատարէ:

 

Երբ եկեղեցի մը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի քարեղէն կառոյց ըլլալէ եւ կը դառնայ սիրով բաբախող սիրտը Աստուծոյ, որ սէր կը տածէ` երկնային մաքուր սիրոյն կարօտով տոչորող մարդուն հանդէպ. կը դառնայ դուռը երկինքին` երկնասէր երկրաւորին դիմաց բացուող. կը դառնայ ձեռքը Աստուծոյ` անտերունչին կարկառուող. կը դառնայ ուսը Քրիստոսի` յոգնած ոչխարները իր վրայ առնող: Միւռոնը Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ իբր այդպիսին միշտ դիտուած է եւ պէտք է դիտուի, յարգուի ու մեծարուի սուրբ միւռոնը:

 

Է. Միւռոնը եւ Միւռոնօրհնութեան աւանդութիւնը ի՞նչպէս հասած է Հայաստան

Մեր ազգի կեանքին մէջ միւռոնօրհնութեան կապուած երկու աւանդութիւններ կան.-

ա) Հնագոյն ձեռագրի մը մէջ կը կարդանք, թէ առաջին անգամ Թադէոս առաքեալը ինք միւռոն բերած է Հայաստան, եւ կը հաստատուի թէ այս միւռոնը պատրաստուած է ուղղակիօրէն Մովսէս մարգարէին կողմէ, Սինա լերան վրայ: Հրեաներ զայն իրենց հետ Քանան կը տանին: Կը մտածեն թէ ո´ւր կրնան զետեղել միւռոնը, եւ կ'որոշեն զայն զետեղել Երուսաղէմի տաճարին մէջ : Երբ տաճարը կործանումի կ'ենթարկուի, Զաքարիա քահանային կինը` Եղիսաբէթ, իւղը կամ միւռոնը կը պահէ ժայռի մը մէջ. հետագային զայն կը յանձնէ իր որդիին` Յովհաննէսին, որ իր կարգին զայն կը յանձնէ Մարիամ Մագդաղենացիին, եւ Մարիամն ալ` Թադէոս առաքեալին: Թադէոս Հայաստան եկած ատեն` միւռոնը հետը կը բերէ. անով կը բուժէ Աբգար թագաւորը եւ ապա միւռոնը կը պահէ ծառի մը տակ: Հետագային, տեսիլքով մը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին կը յայտնուի միւռոնին տեղը. Գրիգոր կ'երթայ ու զայն կ'առնէ եւ անով կը բուժէ Տրդատ թագաւորը:

բ) Երկրորդ աւանդութեան համաձայն, հայկական միւռոնը օրհնուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ` Յիսուսի ձեռքով, եւ անոր առաքեալներուն կողմէ Հայաստան բերուած է, ինչպէս կը հաստատէ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան (Հայոց Եկեղեցին, 1993, էջ` 168): Արիստակէս Լաստիվերցի եւ Մատթէոս Ուռհայեցի կը վկայեն, թէ երբ Պետրոս Ա. Գետադարձ Կաթողիկոսը Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով ջրօրհնէքին միւռոն կը հեղու գետին մէջ` շուրջը լոյս կը փայլատակէ, եւ իբրեւ ապացոյց հայկական միւռոնի սրբութեան` գետին հոսանքը պահուան մը համար կանգ կ'առնէ:

 

Ը. Միւռոնը մեր ներկան կը զօդէ մեր անցեալին

Վերոյիշեալ երկու աւանդութիւնները նկատի առնելով, մէկ բան յստակ կը դառնայ, որ Հայ Եկեղեցին միւռոնի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը առաքելական ժամանակներէն առած է: Աւանդութիւնը մեզի կ'ըսէ, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ օրհնած է միւռոն : Հետեւաբար, կրնանք ամենայն վստահութեամբ ըսել, թէ ներկայ միւռոնը պատրաստուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքի կրակով. այդ կրակը վառ մնաց Հայոց հաւատուսոյց կաթողիկոսներու սրտին մէջ, որոնք, սերունդէ սերունդ, իւրաքանչիւրը իր հերթին, սրբալոյս միւռոնը իրենց սրտի սկիհով փոխանցեցին դարերու մրրիկներուն դիմաց առկայուն մնացած ու մնացող Հայ Եկեղեցիին: Այսօրուան միւռոնին մէջ, հետեւաբար, ներկա´յ է հաւատքի հո´ւրը եւ միւռանահեղ քրտինքն ու արցունքը ո´չ միայն Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, այլեւ մեր պատմութեան բոլոր հայրապետներուն ու հայրերուն, մեր պատմութեան բոլոր հսկաներուն, որոնք դարձան փարոսները մեր եկեղեցիին, մեր հայրենիքին ու մեր ազգին:

Այսօր նոր միւռոնին կը խառնուի հին միւռոնը, եւ հինին խառնուելովը ու միանալովը նորին` մե´նք է որ կը միանանք մեր անցեալին, անոնց հետ ու անոնցմէ մեզի եկող հաւատքի զօրութեամբ կազմելու ու կերտելու համար ապագան մեր եկեղեցիին ու մեր ազգին:
Հին միւռոնին խառնուելովը նոր միւռոնին` ամրակուռ կամո´ւրջ մըն է որ կը հաստատուի մեր ու մեր այն հայրերուն միջեւ` որոնք մեր ազգն ու եկեղեցին երկինքին կամրջեցին:

Տակաւին, հին միւռոնին խառնուելովը նոր միւռոնին, ներկաներս` եկեղեցական թէ աշխարհական կը շաղկապուինք հիներու հաւատքին, մեր անցեալի հայրապետներուն ու հայրերուն յոյսին. այն յոյսին` որ կեանքին մէջ, կեանքին դէմ ու կեանքին համար պայքարիլ կը սորվեցնէ մեզի:

Վերջապէս, հին միւռոնին խառնուելովը նոր միւռոնին, ո´չ միայն հինն է որ կը նորոգենք, այլ նաեւ ու մանաւանդ, մե´նք է որ հինով ու հիներով կը նորոգուինք, եւ այդ ձեւով, միւռոնը կը դառնայ մեր կեանքին մէջ գործող մշտանորոգ, անցեալանորոգ ու ինքնանորոգ զօրութիւնը Սուրբ Հոգիին:

 

Թ. Միւռոնը մեզ կը զօդէ մեր հայրերու հաւատքին

 

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ հետեւորդը ըլլայ ու մնայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքին:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ Մեսրոպակերտ իր ազգային ինքութեան:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ քաջն Վարդանի հայրենասէր հոգիին:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ իր մայրենի հոգեկիրթ եկեղեցիին: Արդարեւ, ինչպէս իր մարմնաւոր մայրը լքողը` ուրացո´ղ կը նկատուի, այնպէս ալ, իր հոգեւոր մայրը` եկեղեցին լքողը, ուրացողներու շարքին կը դասուի:

 

Ժ. Միւռոնը մեզ կը զօդէ մեր հայրերու հաւատքին

 

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ հետեւորդը ըլլայ ու մնայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հաւատքին:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ Մեսրոպակերտ իր ազգային ինքութեան:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ քաջն Վարդանի հայրենասէր հոգիին:

Իր ճակատին միւռոն կրող հայ մարդը` պէտք է հաւատարիմ մնայ իր մայրենի հոգեկիրթ եկեղեցիին: Արդարեւ, ինչպէս իր մարմնաւոր մայրը լքողը` ուրացո´ղ կը նկատուի, այնպէս ալ, իր հոգեւոր մայրը` եկեղեցին լքողը, ուրացողներու շարքին կը դասուի:

 

ԺԱ. Երբ խաչքարը կամ խաչափայտը միւռոնով կ'օծուի

Երբ խաչքարը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի անշունչ խաչքար մը ըլլալէ եւ կը դառնայ շունչը Խաչեալին. այո´, միւռոնաօծ խաչքարը շունչն է Խաչեալին բոլոր անոնց` որոնք փորձութեանց ճամբուն վրայ շնչահեղձ ըլլալու վտանգը կ'ապրին:

Երբ փայտակերտ խաչը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի փայտակերտ խաչ ըլլալէ եւ կը փոխակերպուի Աստուածակերտ կենսատու քառաթեւ խաչի` աշխարհի չորս կողմերուն կեանք պարգեւող:
Անկենդա´ն է նիւթը խաչին, բայց երբ միւռոնով կ'օծուի` կը դառնայ կենդանարար նիւթ, եւ կեանք կը շնորհէ մեղքի մէջ մեռած մարդուն:

Անհոգի է նիւթը խաչին, բայց երբ միւռոնով կ'օծուի` կը դառնայ հոգեպարգեւ ու հոգենորոգ աստուածային զօրութիւն:

Արդարեւ, երբ խաչին նիւթը միւռոնով կ'օծուի` Աննիւթականին զօրութիւնը կը զգենու, եւ այդ զօրութեամբ կը զգեցնէ հաւատքով իրեն դիմողը:

Մարդուն ձեռքով շինուած խաչը` աստուածայինի ու մարդկայինի խառնուրդ մը կ'ըլլայ երբ միւռոնով կ'օծուի: Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին խաչը կը նկատէ աստուածայինի ու մարդկայինի խառնուրդ մը : Միւռոնով է որ խաչին վրայ Աստուծոյ ներկայութիւնը հանդէս կու գայ:

Երբ սրբապատկեր մը միւռոնով կ'օծուի ...

Երբ սրբապատկեր մը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի լոկ նիւթական պատկեր մը ըլլալէ եւ կը դառնայ աննիւթական ճշմարտութեանց ճառագայթարան, սուրբերու բարեխօսութեանց բնակարան, սրբութեան խորան եւ երկինք երկրամերձ:

Երբ սրբապատկեր մը միւռոնով կ'օծուի` կը դառնայ Քրիստոսի մշտավառ պատրոյգը` երկնային լոյսի կարօտ մարդոց համար:

Եթէ սուրբը երկրի վրայ Աստուծոյ շնորհքին վստահած ու Աստուծոյ շնորհքով ապրած ու գործած է, անոր երկինք մեկնումէն ետք` անոր միւռոնաօծ սրբապատկերը շնորհաբաշխ զօրութիւն կը ստանայ:

Սուրբը Աստուծոյ փառքն է, իսկ միւռոնաօծ սրբապատկերը` պզտիկ մէկ նշոյլը այդ փառքին:

Սուրբը հարազատ պատկերն է Աստուծոյ, իսկ միւռոնաօծ սրբապատկերը` արտացոլացումը Աստուծոյ պատկերին:

Սուրբը բնակիչն է վերին Սիոնի, իսկ միւռոնաօծ սրբապատկերը` ճանապարհացոյց ճրագն է վերին Սիոնի:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը երկնապարգեւ նշխար մըն է, որուն եթէ հաւատքով մօտենանք` սրբութիւն ձեռք կը ձգենք:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը սուրն է սուրբին, զոր եթէ հաւատքով գործածենք` Աստուծոյ պաշտպանութիւնը կը վայելենք:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը խորան մըն է, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կրնանք գտնել եւ ըմբոշխնել եթէ հաւատքով մերձենանք:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը երկնաէջ սիւն մըն է, որուն եթէ կռթնինք` հաստատ կը մնանք կեանքի դժուարին պահերու դիմաց:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը կենսատու Հացի բաշխիչ սեղան մըն է, որուն շուրջ եթէ բոլորուինք` կրնանք Քրիստոսը ճաշակել:

Միւռոնաօծ սրբապատկերը փոքրիկ մատուռ մըն է` մեզ Անհպելիին սիրոյն հպումը պարգեւող:

Միւռոնուած եկեղեցականը

Սուրբ միւռոնով օծուող եկեղեցականը` Սուրբ Հոգիին օծումն է որ կը ստանայ, իսկ Սուրբ Հոգիին օծութիւնը ստացող մարդը`
Կը նորոգուի ու կը դառնայ պատմիչը Քրիստոսի բերած նորոգութեան, կը լուսաւորուի ու կը դառնայ ջահակիրը երկնային լոյսին, կ'ոռոգուի ու կը դառնայ ոռոգիչը խոպան հոգիներու,
կը զօրանայ ու կը դառնայ զօրացուցիչը տկար ձեռքերուն,
կը սրբուի ու կը դառնայ ծանուցիչը Քրիստոսի պարգեւած սրբութեան, կը քաւուի ու կը դառնայ յայտարարիչը Քրիստոսի խաչով իրագործուած քաւութեան:

Երբ եկեղեցականը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի մարդուն մարդը ըլլալէ եւ կը դառնայ Աստուծոյ մարդը. կը դադրի աշխարհի մարդը ըլլալէ եւ կը դառնայ երկինքի մարդը:

Երբ միւռոնով կ'օծուի` կը դառնայ Աստուծոյ խօսնակը` Աստուծոյ կենսատու խօսքին ծարաւ մարդկութեան համար:

Միւռոնը հրացանն է եկեղեցականին, որով եկեղեցականը ինքզինք պաշտպանելէ ետք` պէտք է յարձակողականի դիմէ ընդդէմ աներեւոյթ թշնամիին:

 

ԺԲ. Միւռոնուած մանուկը

Մանուկը մկրտելէ անմիջապէս ետք` Հայ Եկեղեցին զանիկա կը դրոշմէ միւռոնով: Դերենիկ Եպիսկոպոս կը հաստատէ, թէ «Դրոշմը Սուրբ Հոգիի ընդունելութեան խորհուրդն է: ... Դրոշմին միջոցաւ է որ մկրտեալ մանուկը Սուրբ Հոգիին շնորհն ու պարգեւները կը ստանայ» :

Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կ'ըսէ. «Ջուրով մկրտուելով` Քրիստոսի մահուան հաղորդակից կը դառնանք եւ Աստուծոյ զաւակներ կ'ըլլանք, իսկ միւռոնով կնքուելով` Սուրբ Հոգիին շնորհքներուն կը միանանք» :

Տաթեւացին կ'ըսէ նաեւ, թէ «Միւռոնով մանուկը դրոշմելն է որ կը հաստատէ մկրտութեան խորհուրդը. միւռոնը կը տրուի` որպէսզի Սուրբ Հոգիին միջոցաւ զօրացուի ու քաջութեամբ լեցուի մանուկը: Միւռոնը մկրտութեան ժամանակ տրուած Սուրբ Հոգին է, որով կը քաւուի մեր մեղքերը»:

Երբ եկեղեցւոյ արգանդէն ծնած մանուկը միւռոնով կ'օծուի` կը դադրի լոկ իր երկրաւոր ծնողին զաւակը ըլլալէ եւ կը դառնայ զաւակը իր երկնաւոր ծնողին` Աստուծոյ. կը դադրի երկրաւորին ժառանգատէր ըլլալէ եւ կը դառնայ ժառանգորդ երկնայինին:
Սրբալոյս միւռոնին էջքը հայ մանուկին վրայ` Սուրբ Հոգիին էջքն է անոր սրտին մէջ: Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կ'ըսէ. «Ինչպէս Քրիստոսի մկրտութեան ժամանակ` Սուրբ Հոգին իջաւ անոր վրայ, նոյնպէս ալ, երբ մկրտենք մեր մանուկները` կը դրոշմենք զանոնք միւռոնով իբրեւ նշան Սուրբ Հոգիի էջքին իրենց վրայ» :

Երբ հայ մանուկը միւռոնով կ'օծուի` կը դառնայ հա´րսը Սուրբ Հոգիին. կը դառնայ անդա´մ Քրիստոսի մարմինին. կը դառնայ հարազա´տ զաւակ երկնաւոր Հօր:

Երբ կը մկրտենք հայ մանուկը եւ զանիկա կ'օծենք Սուրբ Հոգիին խորհրդալից ներկայութիւնը նշանակող միւռոնով` անիկա Աստուծոյ ներկայութեան հետ հաղորդութեան մէջ է որ կը մտնէ:

Մկրտութեան պահուն, միւռոնաբոյր ջուրով կը մկրտուի մանուկին մարմինը, իսկ դրոշմի պահուն, միւռոնով կը մկրտուի ու իր վերածնունդը կ'ապրի մանուկին հոգին: Եւ հետեւաբար, միւռոնը հոգեթափանց զօրութիւն է, եւ ուստի` միւռոնադրոշմը` հոգիի մկրտութիւնն իսկ է:

Երբ հայ մանուկին ճակատը կը միւռոնուի` անոր մէջ կը վերականգնի պատկերը անպատկեր Աստուծոյ ու կը դառնայ Քրիստոսապատկեր ու Քրիստոսապատկան:

Երբ հայ մանուկին աչքերը կը միւռոնուին` անիկա անտեսանելի Աստուծոյ փառքը տեսնելու կարողութեամբ կ'օժտուի, երեւելի այս աշխարհէն անդին` աներեւելի աշխարհը տեսնելու ատակութեամբ կը զարդարուի:

Երբ հայ մանուկին ականջները կը միւռոնուին` անիկա Քրիստոսի հովուական սրինգին քաղցրահունչ ձայնը լսելու զգայնութեամբ կը թրծուի, եւ Սուրբ Հոգիին ձայնը աշխարհի ձայնէն զանազանելու պարգեւով կը յատկանշուի:

Երբ հայ մանուկին քիթը կը միւռոնուի` անիկա Քրիստոսի անճառելի սիրոյն ու զուարճացուցիչ քաղցրութեան բոյրը հոտոտելու զօրութիւնը կը զգենու եւ կը սկսի Կենդանարարին ներկայութիւնը փնտռել:

Երբ հայ մանուկին բերանը կը միւռոնուի` անիկա Քրիստոսի փառքը պատմելու եւ Քրիստոսի փրկութեան համար վկայելու առատահոս աղբիւրի կը վերածուի:

Երբ հայ մանուկին ձեռքերը կը միւռոնուին` անիկա կը դառնայ մշտագործ ու բարեգործ ձեռքը Յիսուսի, եւ մշտաշարժ ու քաղցրաշարժ ձեռքը անշարժ Աստուծոյ` դէպի աղքատը շարժող:
Երբ հայ մանուկին սիրտը կը միւռոնուի` անիկա կը դառնայ տուն` տնազուրկ Աստուծոյ, գահ` Աստուծոյ անգահակից Որդիին, եւ տաճար` անմահարար Սուրբ Հոգիին:

Երբ հայ մանուկին կռնակը կը միւռոնուի` անիկա աներեւոյթ թշնամիին յարձակումներուն դէմ անպարտելի թիկնապահ կ'ունենայ զօրքերու հզօր Տէրը եւ Արարիչը երկինքներուն ու երկրին:

Երբ հայ մանուկին ոտքերը կը միւռոնուին` անիկա սրբութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան ճամբէն քալելու կարողութեամբ կ'օծուի եւ կը դառնայ ճանապարհորդակից երկինքի ճամբուն` Քրիստոսի:
 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան