2 July, 2015

ՓՐՈՖ. ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Մեծի Տաննի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկներու շարքի ծիրէն ներս, շահեկան հանդիպում-զրոյց մը տեղը ունեցաւ թուրք պատմագէտ Դոկտ. Թաներ Աքչամի եւ լիբանանահայ համալսարանականներու միջեւ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ)։ Ձեռնարկին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄի անունով անգլերէնով արտասանեց Փաթիլ Յակոբեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ծանօթացուց օրուան հիւրը նշելով, որ Աքչամ ուսանողական օրերէն ի վեր աշխուժ գործունէութիւն ունի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ձայնը բարձրացնելու, որուն հետեւանքով ձերբակալուած ու տասը տարուան բանտարկութեամբ դատապարտուած է։ Առ այդ, քաղաքական ապաստան գտնելով Գերմանիոյ մէջ, Աքչամ իր ուսումնասիրութիւններով կեդրոնացած է Օսմանեան կայսրութեան աւարտին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծնունդի տարիներուն տեղի ունեցած քաղաքական բռնութիւններուն վրայ։ Յակոբեան խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Աքչամ մաս կը կազմէ, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձը պահանջող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին համար կազմուած յատուկ յանձնախումբին։

Փրոֆ. Թաներ Աքչամ զրոյցին սկիզբը բացատրեց Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կալուածներու բռնագրաւման օրէնքներն ու անոնց հոլովոյթները։ Որմէ ետք ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով ան մանրամասնեց կալուածներու վերադարձի հարցին դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունեցող եւ այս ծիրէն ներս Թուրքիոյ դիմագրաւած զանազան այլ հարցերու մասին։ Աքչամ յայտնեց, որ հայկական պահանջատիրութիւնը ընդհանրապէս սամնափակուած եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ միայն վերջին տարիներուն է, որ Հայ Դատի մարմինները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են փոխ-հատուցման կարեւորութեան։ Այս մէկը երկար ժամանակ հանգիստ ձգած էր Թուրքիան, ըսաւ ան, ու մեկնելով այս հարթակէն, կոչ ուղղեց հայերուն անվարան դիմել Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին՝ ճնշում բանեցնելու Թուրք պետութեան վրայ։ Ան ըսաւ, որ այս հանգրուանին սահմանադրական օրէնքը միակ օրէնքն է, որուն կարելի է ապաւինիլ։ Աքչամ նաեւ անդրադարձաւ անհատական ինչքերու եւ համայնքային ու կրօնական կալուածներու վերատիրացման տարբերութիւններուն։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայերը, թուրքիոյ տեղական դատարաններուն փոխարէն, չեն դիմեր միջազգային դատարաններուն. Աքչամ բացատրեց իրաւական կարգ մը նրբութիւններ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն նախ թրքական դատարաններուն դիմելու։ Ան աւելցուց նաեւ, որ շատ աւելի մեծ գումարներ կը պահանջուի միջազգային դատարանին աշխատանքներուն համար։ Աքչամ լուսաբանեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին տարիներուն պետութիւնը հայերուն կ’արգիլէր Թուրքիա մուտք գործել վախնալով, որ անոնք պահանջէին իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալ, իսկ աւելի ուշ, 1950-60ական թուականներուն, պետութիւնը Սփիւռքէն Թուրքիա ճամբորդել ուզող հայերուն ստորագրել կու տար փաստաթուղթ մը, որով տուեալ հայը կը վստահեցնէր, թէ Թուրքիա մուտք գործելէ ետք դատարան պիտի չդիմէ պահանջելու համար իր կալուածները, թէկուզ անոնք ունենային օրինական փաստաթուղթերը։ Աքչամ ըսաւ, որ պէտք չէ լուսանցքի տակ առնել հատուցման գծով Թուրքիոյ դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անպատրաստակամութիւնը՝ թէ՛ իրաւական գետնի վրայ, թէ՛ քաղաքական եւ թէ պետական մակարդակով։ Փարատելու համար ներկաներուն մտահոգութիւնը, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ հատուցումներ ստանցնողը երբ Թուրքիա հասնի հատուցման պատրաստակամութեան հանգրուանին, Աքչամ օրինակ բերաւ հրեաներուն 1952-ի Լիւքսէմպէրկի փորձառութիւնը եւ ըսաւ, թէ իր կարծիքով հայ ժողովուրդը կրնայ նոյն օրինակով կազմել յանձնախումբ մը՝ Հայաստանի պետութեան եւ Սփիւռքի կրօնական, քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած, որ Թուրքիոյ պետութեան հետ բանակցի եւ ներկայանայ իբր իրաւատէրը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։

Շահեկան զրոյցը աւարտեցաւ ՀԵՀՈՄի ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեանի շնորհակալական խօսքով։ Միքայէլեան խօսքը փակեց վերահաստատելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսքը՝ «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»։

More News