17 May, 2013

ՙՀայ մայրը եղած է ու պէտք է մնայ սիւնը հայ ընտանիքին՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին հայ մայրը իր կեանքի վարքագիծով որպէս տիպար՝ բարոյական, կրօնական ու ազգային արժէքներու ու սրբութիւններու, ինչպէս նաեւ իր առանցքային դերակատարութեամբ եղած է սիւնը հայ ընտանիքին: Նոյնը պէտք է ըլլայ հայ մայրը այսօր: Երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ ազգն է որ կը քայքայուի: Ահա թէ ինչո՜ւ ճակատագրական է հայ մօր դերը՚, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունելով աւելի քան 200 հայ մայրեր, որոնք Հայ Մօր Տարուան առիթով Անթիլիասի Մայրավանք եկած էին Աջահամբոյրի: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառը ըսաւ. ՙՈ՜չ միայն 2013 տարին Հայ Մօր Տարի է, այլ՝ ամէն տարի, ամէն ամիս, ամէն օր ու ամէն ժամ: Հայ մայրը մեր գոյութեան աղբիւրն է ու գոյտեւման երաշխիքը: Երախտապարտ ենք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ են իրենց նուիրական կոչումին: Սակայն խստապահանջ պէտք է ըլլանք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ չեն իրենց կոչումին եւ իրենց զաւակները հայ եկեղեցիէն, հայ դպրոցէն, հայ ակումբէն ու հայ կեանքէն հեռու կը պահեն՚: Վեհափառ Հայրապետը իր Օրհնութեան խօսքը եզրակացուց իր սէրն ու յարգանքը արտայայտելով բոլոր հայ մայրերուն:

 

Վեհափառին խօսքէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին Գարակէօզեան հաստատութեան Տնօրէն Տիար Սերոբ Օհանեան եւ Տիկին Քրիստին Սարգիսեան-Դանիէլեան, որոնք խօսեցան Գարակէօզեան հաստատութեան կազմակերպած տիկիններու յատուկ ընկերա-առողջապահական դասախօսութիւններուն մասին, որոնց շարքին երբեմն նաեւ կրօնական ու ազգային նիւթերու մասին դասախօսութիւն կը տրուի հայ տիկիններուն:

More News