20 June, 2015

«ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է»: Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Փարիզի մէջ

Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, Փարիզի խորհրդարանի հրապարակային ձեռնարկներու յատուկ սրահին մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատին նուիրուած համագումարին փացումը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց թէ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին նպատակը յստակ է.- Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձն է: Արդ, դատավարական ընթացքին առնչուած մօտեցումները պէտք չէ շփոթել դատին նպատակին հետ: Այս նպատակը իրագործելու համար սկզբունքային երկու մօտեցում ճշդուած է՝ Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձ եւ Կաթողիկոսարանէն ներս կրօնական արարողութիւն կատարելու իրաւունքի վերահաստատում: Այս երկրորդ կէտը կենսական է հետեւեալ պատճառներով՝ ա) Կրօնական պաշտամունքի իրաւունքի վերահաստատումը բնական ընթացքով նաեւ կ’ենթադրէ Կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձը: բ) Փոքրամասնութիւններու կրօնական պաշտամունքի իրաւունքներուն անդրադարձ եղած է Լոզանի դաշնագրին մէջ: գ) Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը յատուկ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ կրօնական խղճի ազատութեան»:

Բացման նիստին, Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ընկերվար կուսակցութեան ներկայացուցիչներու նախագահ եւ նախկին վարչապետ՝ Պրունօ Լէրու վերահաստատեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու կառավարութեան զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին ու անոր արդար դատին: Ապա, անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծիրէն ներս եւ հրաւիրեց զինք, որ ներկայացնէ իր դասախօսութիւնը: Ֆրանսերէն լեզուով կատարած Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութիւնը երեք բաժիններէ բաղկացած էր.-

Դասախօսութեան առաջին մասին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով հանդերձ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, կոչ ուղղեց առաջնահերթութիւն տալու մեր պահանջատիրութեան հատուցման երեսին: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը մէջբերումներ կատարելով միջազգային օրէնքի շարք մը փաստաթուղթերէն կարեւորութեամբ ընդգծեց հատուցման հրամայականը:

Երկրորդ բաժինով, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Փետրուար 2012-ին հատուցման գծով տեղի ունեցած միջազգային համագումարին, ուրուագծային կերպով ներկայացուց յատկապէս եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձին առնչուած շարք մը կարելիութիւններ ու դժուարութիւններ:

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեան վերջին կէտը առնչուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին: Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանցեց, ինչպէս նաեւ յստակեցումներ ու ընդգծումներ կատարեց: «Սովորական դատ մը չէ մեր դատը եւ ո՛չ ալ կտոր մը հող վերադարձնելու միտող մասնակի դատ մը: Նկատի ունենալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կրօնական, ազգային ու քաղաքական իմաստը եւ անոր ունեցած խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը, մենք ուզեցինք զայն նկատի առնել որպէս առաջին հանգրուան մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջին: Մեր մօտեցման մէջ ռազմավարական ու մարտավարական տուեալները առաւելագոյն չափով սերտուեցան մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբին կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ առկայ իրաւական ու քաղաքական խոչընդոտները: Կը հաւատանք, որ իրաւական այս քայլը նոր ուժականութիւն մը պիտի տայ մեր պահանջատիրութեան, զայն բանալով նոր հորիզոններու դիմաց» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Դասախօսութեան սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանսայի ժողովուրդին ու կառավարութեան, Հայ Դատին իրենց բերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ գնահատեց Ֆրանսայի Հայ Դատի մարմինը իր տարած աշխատանքներուն համար: Ներկայ համագումարը կազմակերպուած էր ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ եւ անոր նիւթն էր «Արդարութիւն եւ հատուցում»: Ներկայ էին Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, եկեղեցական, քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ, լրագրողներ:

Համագումարէն առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Երեսփոխան Լէրույի հետ, որ միաժամանակ նախագահ Հոլանտի կարեւոր գործակիցներէն մէկն է: Սոյն հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Վահան Սրբազան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Մուրատ Փափազեան եւ Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց Երեսփոխան Լէրույի Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութեան հրամայականը եւ առաջարկ ներկայացուց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը աւելի գործօն մասնակցութիւն բերէ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան առաւել ամրապնդման:

 

More News