News

«ՍԻՐԷ´ ՔՈՒ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԱՄԲՈՂՋ ՍՐՏՈՎԴ»

19 June 2015

«Սիրէ´ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ»: Սիրտը մարդկային մեր բոլոր զգացումներուն ակն է: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրել, կը նշանակէ մեր ամբողջ զգացումներով կապուիլ իրեն, որպէսզի ինք դառնայ մեր զգլխիչ ապրումն ու մեր ամենօրեայ մտածումը: Ամբողջ սրտով զԱստուած սիրելը անոր ներկայութեան մէջ ապրիլ է, անոր սիրոյն մէջ աճիլ է, անոր Հոգիով եռալ է, մեր ուշադրութիւնը միայն ի´ր վրայ կեդրոնացնել է, երկինքը բաղձալ է, անոր սիրով արբենալ է:

Զուր տեղ չէ որ Քրիստոս առաջին հերթին «սիրտ» բացատրութիւնը կը գործածէ, որովհետեւ ան գիտէ որ սրտէն բղխածը կ’ըլլայ անկեղծ, վճիտ, ճշմարիտ, մաքուր, հարազատ եւ վաւերական: Իսկ «ամբողջ» բառը, կը նշանակէ կատարեալ, անթերի, անբասիր եւ ամբիծ: Հետեւաբար, ամբողջ սրտով զԱստուած սիրել, կը նշանակէ զանիկա սիրել անկեղծօրէն եւ կատարելապէս:

Արդարեւ անկեղծն Աստուած անկեղծօրէն պէտք է սիրել: Սիրտի կատարեալ սիրով պէտք է փարիլ Աստուծոյ: Կատարելապէս սիրուիլը Աստուծոյ կատարեալ իրաւունքն է: Կատարելապէս սխալ է անկատար սէր ցուցաբերել Կատարեալին նկատմամբ: ԶԱստուած սիրող մարդը, պէտք է իր ամբողջ սրտի ամբողջ կրակով սիրէ զայն: Կարելի չէ գաղջ սիրով մը սիրել զԱստուած որ կրականման սիրով մը սիրեց եւ կը սիրէ մեզ: Աստուծոյ կրակէ սիրոյն հետ կրակէ յարաբերութեան մէջ պէտք է ըլլանք:

ԶԱստուած սիրել ամբողջ սրտով, կը նշանակէ սիրտը իր ամբողջ խորունկութեամբ, իր ամբողջ ջերմութեամբ եւ իր ամբողջ գաղտնիքներով դնել Աստուծոյ տրամադրութեան ներքեւ: Աստուած չ’ուզեր որ մեր սրտին մէջ իրեն համար գաղտնի կամ ծածուկ բաներ ըլլան: Աստուած մեր սրտին Տանտէրն է եւ ո´չ թէ հիւրը: Հիւրին համար տան մէջ որոշ բաներ ծածուկ կը մնան, իսկ Տանտիրոջ համար ծածուկ եւ մթին բան չ’ըլլար: Հիւր մը զուրկ է իր ուզածը, իր ուզած ատեն եւ իր ուզածին պէս ընելու կարելիութենէն: Աստուած կը մերժէ մեր սիրտերուն մէջ հիւրի մը դիրքը ունենալ:

Ո´չ ոք իր ամբողջ սրտով կրնայ սիրել զԱստուած եթէ իր սիրտը ամբողջութեամբ յանձնած չըլլայ Քրիստոսի: Քրիստոս ի´նքն է որ մեր սիրտերուն մէջ ապրելով, կարելի կը դարձնէ որ սիրենք զԱստուած մեր ամբողջ սրտով: ԶԱստուած սիրելը մարդկային ճիգի մը արդիւնքը չէ: «Սէրը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ա.Յհ 4.7 հմմտ Կղ 1.8): Այդ պարգեւը ունենալու համար, նախ պէտք է Պարգեւիչը ունենալ:

Սիրելի´ ընթերցող, կը սիրե՞ս զԱստուած ամբողջ սրտովդ: Երբ կը մտածես Քրիստոսի սիրոյն մասին՝ ուրախութեան ապրում մը կ’ողողէ՞ էութիւնդ եւ հոգիդ կ’եփի՞ ներսիդիդ: ԶԱստուած դարձուցա՞ծ ես գերագոյն բաղձանքդ, գլխաւոր հաճոյքդ, հոգիիդ պաշարը: Բա´ց սիրոյդ կրակը Աստուծոյ վրայ: Ան կը սիրէ այդ կրակոցը:

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան