15 Հունիսի, 2015

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն   ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՊԱՀԱՆՋԸ  

Շուրջ երկու ամիսներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ճամբով, լայն բացատրութիւններ տուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին: Սոյն հաղորդագրութեամբ կարեւոր կը նկատենք անհրաժեշտ յստակեցումներ կատարել՝ 28 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած նոյն դատին էութեան ու նպատակին վերաբերեալ:

            Արդարեւ, յիշեալ դատը կը պահանջէ Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձը: Յայտնենք, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ կալուածներու վերատիրացման դատական դիմումնագիրներու պայմաններն ու պահանջքները լրացնելու համար, Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածին գծով մօտաւոր արժէք մը յիշուած է: Սակայն, դատին յստակ ու շեշտակի պահանջը Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանին ՎԵՐԱԴԱՐՁՆ Է ԻՐ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՋ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ՝ ԱՆՈՐ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ:

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայ իրաւական քայլին դիմելու շարժառիթը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար Սիսի Կաթողիկոսարանին ներկայացուցած պատմական եւ կրօնական նշանակութիւնն է, ինչպէս նաեւ անոր վերադարձին իւրայատուկ կարեւորութիւնը մեր պահանջատիրութեան շրջագիծէն ներս: Դատը իրաւական երկու հիմքեր ունի՝ ա) Կաթողիկոսարանին կալուածային իրաւունքի, եւ բ) Կաթողիկոսարանին կրօնական պաշտամունքի իրաւունքի վերահաստատումը: Կաթողիկոսարանին կալուածային սեփականութեան իրաւունքը, դարձեալ՝ թրքական օրէնքներուն համաձայն եւ իրաւական գործընթացներուն ծիրէն ներս, կրնայ հատուցման հարցեր յառաջացնել. սակայն, կրօնական պաշտամունքի իրաւունքը բոլորովին տարբեր խնդիր ըլլալով, կրնայ լուծում գտնել միայն Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձով: Սկզբունքային եւ իրաւական այս մօտեցումը բանակցելի չէ:

Արդ, եթէ թրքական դատարանը մերժէ ներկայ դատը եւ կամ թրքական կառավարութիւնը այլապէս չվերադարձնէ Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի բողոքէ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ եւ իր իրաւունքները հետապնդէ միջազգային օրէնքներուն լոյսին տակ: Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ դատ բանալու համար նախապայման է տեղական մակարդակի վրայ դատավարական բոլոր տեսակի գործընթացներն ու փորձերը սպառել:

Ներկայ դատական թղթածրարը բարդ եւ զգայուն խնդիրներ կը պարունակէ: Հետեւաբար, կարելի չէ բացայայտել դատին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները այնքան ատեն որ դատական գործընթացը կը շարունակուի, որովհետեւ նման քայլ մը կրնայ դժուարութիւններ ստեղծել: Դատավարութեան ժամանակաշրջանին մամուլին կողմէ կատարուած անհիմն մեկնաբանութիւնները եւս չեն նպաստեր այս պատմական նախաձեռնութեան յաջող ընթացքին: Ինչպէս ակնարկեցինք, դատավարական ընթացքը բազմաթիւ խոչընդոտներ ու մարտահրաւէրներ կրնայ դիմագրաւել՝ նկատի ունենալով անոր պատմական, իրաւական ու քաղաքական ենթահողն ու հետեւանքները:

            Կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ դիմել իրաւական բոլոր հնարաւոր միջոցներուն, վերատիրանալու Սիսի Կաթողիկոսարանի իր կալուածին՝ որպէս առաջին հանգրուան եկեղեցապատկան ու ազգապատկան բոլոր կալուածներու իր պահանջին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Դատը Հետապնդող Իրաւաբաններու Խմբակ

More News