10 June, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Ա.Մ. Նահանգներուն Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ գումարուող Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին:

Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան, վստահեցնելով թէ Հովուապետական այս այցելութիւնը նոր աւիւն պիտի ներարկէ Թեմին ազգային-եկեղեցական ծառայական կեանքէն ներս, իսկ Հայրապետական պատգամները իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայեն թէ՛ թեմական եւ թէ՛ ծխական մակարդակներու վրայ:

Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, եկեղեցական դասը, Ազգային Վարչութիւնը, Երեսփոխանական ժողովը եւ բոլոր այն մարմինները, որոնք նուիրումով լծուած են ազգին ու ժողովուրդին ծառայութեան եւ բծախնդիր կերպով կը տանին իրենց ազգային-եկեղեցական ծառայական առաքելութիւնը:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ առիթ ունեցած է աւելի քան ամիս մը Հովուապետական այցելութիւն տալու Արեւելեան Թեմի գլխաւոր քաղաքներուն, հանդիպումներ ունենալու եկեղեցիներուն եւ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցներուն հետ, երկխօսութեան մէջ մտնելու երիտասարդութեան հետ՝ լսելու անոնց կարիքներն ու սպասումները եւ իր հայրական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով իր Հովուապետական այցելութեան արժեւորումը կատարեց եւ նաեւ փոխանցեց իր սպասումները: Այս ծիրէն ներս ան յատկապէս շեշտեց ծխային եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան նոր կենսունակութիւն եւ կազմակերպուածութիւն տալու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններուն ենթակայ թեմերու միջեւ համագործակցութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ թելադրեց կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը՝ նոր սերունդը կազմաւորելով հոգեւոր ու ազգային արժէքներով:

Յատնենք, որ Նորին Սրբութիւնը առանձին հանդիպում ունեցաւ Թեմէն ներս ծառայող եկեղեցական դասին հետ, որոնց հայրական իր խօսքը ուղղեց:

More News