9 June, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, վեցերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին։

            Շաբաթ, 14 Մարտ 2015-ին, հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին հանդիպումին նախ յաջորդեցին ասմունքի, ապա` Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու գրաւոր մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 միջնակարգ եւ 13 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ` զիրենք ներկայացնող 132 աշակերտ-աշակերտուհիներով (81 միջնակարգ եւ 51 երկրորդական): 4 շաբաթավերջերու վրայ երկարած վերոնշեալ հանդիպումներուն, այս տարի եւս մրցակցութիւնը եղաւ սուր, որովհետեւ մրցումներուն մասնակից դպրոցները պատրաստուած էին յաւելեալ լրջութեամբ` առաւելագոյն թիւով յաջողութիւն արձանագրելու տեսլականէն առաջնորդուած:

            Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի եւս երկու հանգրուանով տեղի ունեցաւ ասմունքի մրցանքը, որուն կողքին նաեւ գրաւոր մրցումներուն ստեղծած խանդավառութիւնն ու լուրջ պատրաստութիւնը եկան ապացուցելու, թէ հակառակ նոր ժամանակներու արհեստագիտական հրապուրիչ նորութիւններուն եւ զանազան մարտահրաւէրներուն, լիբանանահայ աշակերտը կառչած կը մնայ իր լեզուին, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակութային գանձերուն:

         Նշենք, որ այս տարուան մրցանքներուն մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքի հետեւողներուն վկայականի տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: