8 Հունիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Ապու Տապիի Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան

Անցեալ տարի Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Շինարարական յանձնախումբը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, իրեն որպէս նեցուկ ունենալով Ապու Տապիի, Տուպայի ու Շարժայի մեր ժողովուրդի զաւակները: Շինարարական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հրայր Սողոմոնեան, Վարուժան Ներկիզեան, Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Արա Խանոյեան: իսկ եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Սուրէն Գոչաքեան:

 

Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ ճարտարապետը ընդունելով ուրախութեամբ հաստատեց, որ շինարարական աշխատքները դրական ընթացքի մէջ են եւ պիտի աւարտին յառաջիկայ Յունուարին: Յայտնենք, որ եկեղեցին Ապու Տապիի մէկ կարեւոր շրջանին մէջ կը գտնուի: Ան պիտի ունենայ նաեւ քահանայի ու առաջնորդի յատուկ բաժիններ եւ ժողովրդային հաւաքներու յարմար սրահ: Շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան շինարարական յանձնախումբին հետ միասին մօտէն կը հետեւի շինարարական աշխատանքներուն:

More News