6 Հունիսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

 

Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի Նախագահ Լեօ Յուսագոսի հետ եւ շնորհաւորեց Պրն. Յուսագոսի նոր պաշտօնին նշանակումը:

            Նախագահը իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդին բերած ներդրումին Գանատայի ծաղկման եւ իբր կազմակերպ համայնք ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:

            Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, զայն որակելով համաշխարհային վտանգ եւ առաջարկ ներկայացուց, որ յատուկ ծրագիր մը մշակուի եւ գործադրուի դիմագրաւելու ծայրայեղականութեան երեւոյթը: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է, ի՞նչ ալ ըլլան քաղաքագէտներու կեցուածքները, այն չի դադրիր ցեղասպանութիւն ըլլալէ»:

            Նախագահը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները: Ապա, հարց տուաւ թէ այսօր եկեղեցին ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: Նորին Սրբութիւնը պատասխանելով Ծերակոյտի նախագահին հարցերուն ըսաւ. «Եկեղեցին պէտք է հաղորդակից ըլլայ իր ժողովուրդին հետ: Այսօր զանազան ընկերային եւ բարոյական հարցեր կան, որոնց մասին եկեղեցին պէտք է խօսի հովուական մօտեցումով, միշտ կառչած մնալով իր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն: Մենք նաեւ երկխօսութեան մէջ պէտք է մտնենք երիտասարդութեան հետ եւ փորձենք հասկնալ անոնց մտահոգութիւնները, միշտ յատուկ ճիգ թափելով երիտասարդութիւնը մօտեցնել եկեղեցւոյ»:

Սոյն հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

More News