18 Մայիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ 18 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամներն էին Պրն. Մայք Խարապեան (ատենապետ) եւ նոյն վարչութեան անդամ Պրն. Յարութիւն Երկանեան:

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնը Վեհափառ Հայրապետին հետ ներառեց առաւելաբար Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ համազգային մաշտապով 100-ամեակը արժեւորելու հրամայականը: ՙՊահանջատիրութիւնը պէտք է մղիչ ոյժը դառնայ 100-ամեակի բոլոր ձեռնարկներուն, այլապէս այս կարեւոր հանգրուանը մեր ժամանակակից պատմութեան պիտի կորսնցնէ իր իմաստն ու նպատակը՚, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատասխանատուները ձայնակցելով Վեհափառ Հայրապետին մօտեցման, իրենք եւս շեշտեցին միասնական ու պահանջատիրական ոգիով 100-ամեակը արժեւորելու կարեւորութիւնը:

More News