News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

03 June 2015

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշ ունեցաւ գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն խօսեցաւ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան գաղութի ազգային եւ եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Ան ըսաւ. «Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները զիրար կամրջողը նոյն եւ մէկ նպատակն է՝ ծառայել մեր ազգին ու եկեղեցւոյ գերագոյն արժէքներուն: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ մեր բոլոր աշխատանքները ըլլան ներդաշնակ, որպէսզի առաւելագոյն արդիւնքի հասնին: Եկեղեցին կոչուած է ամրապնդելու մեր կազմակերպութիւններուն աշխատանքները եւ մեր կազմակերպութիւնները իրենց հերթին՝ զօրակցելու եկեղեցւոյ: Անշուշտ թէ մեզմէ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան գործունէութեան շեշտաւորումը տարբեր է, սակայն պէտք է գործակցինք որպէս մէկ ընտանիք, եւ եկեղեցին կարեւոր դեր ունի այս բոլորը ի մի համախմբելուն մէջ: Այս սկզբունքով կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ իր ծառայութիւնը կը բերէ մեր ազգին հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային, մշակութային, ընկերային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մարդկային իրաւանց բնագաւառներէն ներս»:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր շքախումբին հետ այցելեց Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի պատասխանատու մարմիններուն հետ: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին հետ հարցազրոյց ունեցան «Հայրենիք»ի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրները: Հարցազրոյցը ընդգրկեց Սուրիոյ հայութիւնը, Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատը:

            Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան յաջորդ կայքը եղաւ Պոսթըն քաղաքի կեդրոնը գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Հայկական Ժառանգութիւն» զբօսայգին եւ յուշարձանը, ուր իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակ սուրբերուն:

            Նորին Սրբութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ «Ամերիկայի Հայկական Թանգարանը»: Ան շրջեցաւ թանգարանի տարբեր բաժինները եւ գնահատեց պատասխանատուներուն տարած հայ մշակոյթի պահպանման եւ օտարներուն ծանօթացման աշխատանքը: