31 May, 2015

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՓՐՈՎԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին Հովուապետական այցելութեան շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Փրովիտընսի, Րոտ Այլընտ, գերեզմանատան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն յիշատակին կառուցուած յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ կարճ արարողութիւն՝ երգուեցաւ «Գոչեմք առ քեզ» նահատակներու նուիրուած շարականը եւ «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքը:

            Ապա, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ նոյն քաղաքի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւներուն, եւ շրջանէն ներս ծառայող քահանայ հայրերուն, օտար եկեղեցականներուն, հոգաբարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը կատարելէ ետք հացի եւ աղի աւանդական օրհնութիւնը, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցի ու դասին մէջ կատարեց «Կանոնական» աղօթք: Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան յանուն եկեղեցական դասուն եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ հրաւիրեց փոխանցելու Հայրապետական պատգամը:

            Նորին Սրբութիւնը նախ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, քահանայ հայրերը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող զանազան մարմինները եւ ժողովուրդը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին եւ համայնքը նկատելով աշխուժ եւ օրինակելի: Ապա, մեկնելով Րոտ Այլընտ նահանգի դրօշակին վրայ արձանագրուած յոյս բառէն, Վեհափառ Հայրապետը պատգամին խորհրդածութեան նիւթը դարձուց յոյսի քրիստոնէական ըմբռնումը եւ կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու մեր ժողովուրդին համար: «Քրիստոնէական յոյսը մեզ առաջնորդեց պատմութեան բոլոր փոթորիկներուն ընդմէջէն եւ փրկեց մեզ, որովհետեւ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ ունեցած մեր հաւատքն է: Եւ այսօր Քրիստոս պէ՛տք է մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին ու մեր համայնքին յոյսը: Կեանքի ընթացքին մենք կրնանք տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու հանդիպիլ, սակայն երբ մեր մէջ յոյսը զօրեղ ներկայութիւն է, այդ յոյսը մեզ հեռու կը պահէ ամէն տեսակ չարիքներէ ու դժուարութիւններէ: Մենք յոյսով փրկուեցանք եւ յոյսով հզօրացանք: Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար յիշեցում մըն է, որ Քրիստոսի նկատմամբ մեր ունեցած յոյսը առաւել եւս զօրացնենք՝ այդ յոյսով ծաղկեցնելու եւ պայծառացնելու մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը» յորդորեց Վեհափառ Հայրապետը:

            Պատգամի աւարտին ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն եւ ապա, Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին: