31 May, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի երիտասարդութեան հետ: Նշենք, որ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին այս երրորդ հանդիպումն էր երիտասարդութեան հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան եւ միաբան հայրեր:

Բացման խօսքը կատարեցին Տալիթա Կեցոյեան եւ Նայիրի Պալճեան: Անուշաւան Սրբազանը ներկայացուց սրբութեան ըմբռնումը Աստուածաշունչին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման պատմութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման աշխատանքներու գործընթացը: Ապա՝ Թամար Գանարեան եւ Մայքըլ Մարգարեան խօսեցան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ունեցած իրենց երիտասարդական փորձառութեանց մասին:

Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը լայն ներածական մը կատարեց այսօրուան երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութեանց եւ անոնց դերակատարութեան անհրաժեշտութեան մասին: Ապա, անդրադարձաւ հայ երիտասարդութեան եւ կեդրոնացաւ չորս բառերու վրայ՝ հաւատարմութիւն, մասնակցութիւն, տեսիլք ու վերանորոգում: Նորին Սրբութիւնը այժմէական վերլուծումներ կատարեց եւ այս բառերուն ընդմէջէն արժեւորումի ենթարկեց այսօրուան հայ երիտասարդութեան կեանքը, մեր գաղութներուն ունեցած սպասումը անոնցմէ եւ երիտասարդութեան ունենալիք ներդրումին կարեւորութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք երիտասարդներ առիթ ունեցան շուրջ ժամ մը իրենք զիրենք արտայայտելու, երկխօսութեան մէջ մտնելու իրենց Հովուապետին հետ եւ զիրենք մտահոգեցնող այժմէական հարցերու շուրջ զանազան հարցադրումներ կատարեցին: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին հայրաբար մտիկ ըրաւ երիտասարդութեան մտահոգութիւններուն եւ լուսաբանիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցերուն:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Հովուապետական այցելութիւնը կազմակերպող յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց որոնք կամաւոր աշխատանք տարած էին ձեռնարկի յաջողութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց երիտասարդները, որմէ ետք միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:

More News