News

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԻՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԱՆԵԼՈՎ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՈՒ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

30 May 2015

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը իր 14-րդ համաժողովին աշխատանքները սկսաւ 21 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարդայի մէջ, ընդհանուր բնաբան ունենալով՝ «Միասնաբար Աստուծոյ տան մէջ»: Եօթը աշխատանքային օրերու վրայ տարածուող սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (Թեհրան), Դոկտ. Վաչիկ Հայրապետեան (Սպահան) եւ Օրդ. Անի Քրիստի Մանուէլեան (Թեհրան):

Ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութեամբ, որուն ընթացքին Դոկտ. Նապապան յատուկ աղօթք ընթերցեց ի յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Բացման նիստին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու խորհուրդը: Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին եւ ապա լայն բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Աւարտին ան հրաւիրեց ժողովականները յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը: Սեպուհ Սրբազանին խօսքը մանրամասնօրէն արձանագրուեցաւ ատենագրութեան մէջ:

Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր Ասիոյ եկեղեցիները յուզող զանազան հարցեր եւ Գործադիր Վարչութեան ընտրութիւն: Նիստերու ընթացքին Սրբազանը նշեց, թէ «Իրանի պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ քրիստոնէական հին եկեղեցիներուն, որոնք կը նկատուին ազգային ժառանգութիւն եւ պետութիւնը տարեկան յատուկ պիւտճէ կը յատկացնէ փոքրամասնութիւններուն»: Փակման նիստին ընթացքին կատարուեցաւ Գործադիր Վարչութեան ընտրութիւնը, որուն անդամ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատուիրակութեան անդամները իրենց գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերին համաժողովի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ակնյայտ էր ողջ ժողովականութեան հետաքրքրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ։