News

«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՁԱՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿ. ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՔԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պոսթընի մէջ

29 May 2015
 

Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2015-ին, Պոսթընի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուիրուած հանդիսութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող եւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրեր, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական հարանուանութեանց հոգեւոր հովիւները, Հայաստանի մէջ Ամերիկային նախկին դեսպան Ճոն Էվընս եւ աւելի քան հինգ հարիւր պոսթընաբնակ հայորդիներ:

            Ձեռնարկին սկիզբը տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Բացման խօսքէն վերջ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը՝ Դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի յաղթանակը կերտողներուն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական բարձր արժէքներուն, անխախտ հաւատքին եւ պիրկ կամքին, որով առաջնորդեցին նորանկախ Հայաստանը հակառակ բոլոր դժուարութեանց:

            Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին խօսեցաւ Մայիս 28-ի տեսլականին, որով սերունդներ կազմաւորուեցան՝ կերտելու համար Հայաստանի վերանկախացումը: Ապա, Օշական Սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը փոխանցելու օրուան պատգամը: Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Մայիս 28-ի ոգիին կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ Հայաստանի անկախութիւնը շատ կարճ տեւեց, սակայն Մայիս 28-ը իբրեւ ոգի մնաց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Մայիս 28-ը որպէս ոգի սաւառնեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին վերեւ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի բոլոր անկիւնները: Մեր ժողովուրդի զաւակները նոյն ոգիով ապրեցան, պայքարեցան. այդ ոգիով մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը նոր հունաւորում, նոր ընթացք եւ նոր վճռականութիւն ստացաւ: Մայիս 28-ի ոգին մեր մէջ բորբ պահեց ազատ ու անկախ Հայաստանի, ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան վառ երազը եւ այդ նոյն ոգին է, որ վերակերտեց Հայաստանի անկախութիւնը»: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն ան շեշտեց. «Մենք կորսնցուցինք մեր ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն զաւակները, եկեղեցի, դպրոց եւ ինչք: Ցեղասպանութեամբ դարձանք հայրենազուրկ. հետեւաբար հողային պահանջքը Հայ Դատին առանցքը կը կազմէ: Վա՛յ մեզի երբ մենք կորսնցնենք ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը»: Նորին Սրբութեան Հայրապետական սրտառուչ պատգամը յաճախ ընդհատուեցաւ ներկաներու ծափողջոյններով:

            Ձեռնարկը աւարտեցաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով եւ ապա երգուեցան «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական մաղթանքը: