News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԸ

25 May 2015
 

Կիրակի, 24 Մայիս 2015-ին, Բիթցպըրկի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հայ Երիտասարդաց Միութեան բանակավայրը: Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հովուապետական այցելութեան յանձնախումբի ատենապետ Ճէգ Մարտոյեան:

            Ամէն տարի Գարնան, Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը իր եռօրեայ դաստիարակչական բանակումը կը կազմակերպէ: Նորին Սրբութիւնը, որ Հովուապետական այցելութեամբ շրջանէն ներս կը գտնուի, ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին այցելեց եւ շուրջ երկու ժամ անցուց 250 մասնակից պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ:

            Առաւօտուն տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որու աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը: Ապա, յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն հետ: Այս հանդիպումները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մասնակիցներուն մօտ, որոնք մեր եկեղեցին, գաղութները, ազգը եւ հայրենիքը յուզող զանազան խնդիրներու շուրջ հարցադրումներ կատարեցին: Նորին Սրբութիւնը հայրական մօտեցումով լսեց ու հմտօրէն պատասխանեց մեր երիտասարդ սերունդին կատարած հարցումներուն եւ լուսաբանեց զիրենք:

            Ճաշէն ետք բանակումի մասնակիցները մշակութային պահ մը ստեղծեցին: Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ»ով օրհնեց զանոնք եւ ապա, երգուեցաւ «Կիլիկիա»: Նորին Սրբութեան այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ երիտասարդները աւելի մօտէն ծանօթացան իրենց Հովուապետին: