22 Մայիսի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

2017 թուականի Աշնան, միջազգային համբաւ վայելող Մեթրոփոլիթըն թանգարանի կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը նուիրուած հայ մշակոյթին: Ցուցահանդէսին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հայ մշակոյթը ներկայացնել այլ մշակոյթներու՝ յունական, ասորական, բիւզանդական, պարսկական, թրքական ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս եւրոպական ու ասիական մշակոյթներու հետ ունեցած փոխազդեցութեան ծիրէն ներս:

Մեթրոփոլիթըն թանգարանի պատասխանատուները հանդիպում ունեցան Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարարնին մէջ եւ քննարկեցին յիշեալ ցուցահանդէսին զանազան երեսները ու պաշտօնապէս դիմեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը եւս իր մասնակցութիւնը բերէ այս յոյժ կարեւոր ծրագրին: Նորին Սրբութիւնը գնահատելով հայ մշակութային արժէքները միջազգային համայնքին գիտական ու ակադեմական մօտեցումով ներկայացնելու այս ճիգը, սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ եւ հրաւիրեց թանգարանի վերին պատասխանատուները այցելելու «Կիլիկիա» թանգարան եւ գործնական աշխատանքներուն լծուելու:

More News