News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՒ ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

22 May 2015

Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015-ին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հիւպատոս Պիլալ Քապալանի եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ հիւպատոսի Տիթրոյթի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին քսան բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

Խօսք առնելով հիւպատոսը ողջունեց Նորին Սուրբ Օծութեան Տիթրոյթ այցելութիւնը: Ան յիշեց Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնը ոչ միայն Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ: Հիւպատոսը յատկապէս անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան Վեհափառ Հայրապետին բերած նպաստին: Խօսք առնելով Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի՝ որպէս համայնքներու գոյակցութեան երկիր: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ան շեշտեց թէ կրօնական ազդակը ոչ մէկ դեր է ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, յիշեցնելով թէ հայեր եւ իսլամներ 7-րդ դարէն սկսեալ գոյակցած են: Վերջապէս, ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու գործակցութիւնը նոր ժամանակներու ծայրայեղական շարժումներուն դէմ: Ապա, ներկայ հոգեւորականները յաջորդաբար խօսք առնելով իրենց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեցին, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս վերջին տարիներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն գծով:

Հանդիպման աւարտին Լիբանանի հիւպատոսը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշ տուաւ, որուն ներկայ գտնուեցան ներկայ հոգեւորականները: