News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԻԹՐՈՅԻԹԻ ՄԷՋ

21 May 2015

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2015-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նիւ Եորքէն ժամանեց Տիթրոյիթ, շարունակելու Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը: Տիթրոյիթի մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի մնայ չորս օր եւ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ գաղութային եւ միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ:

1

 

Երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեանի ժամանեց Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ Գէորգեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սթիվըն Յակոբեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն ու ժողովուրդին կողմէ եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:3

 

Աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ժողովուրդին ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ մուտքին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ծաղկեպսակ մատուցող պարմանուհիին մեծ մօր մայրը, հարիւր տասներկու տարի առաջ ծաղկեպսակ մատուցած է Սահակ Կաթողիկոսին, երբ վերջինս Այնթապ կ’այցելէր առաջին անգամ ըլլալով, եւ այս դէպքը նկատեց գեղեցիկ վկայութիւն մը մեր ժողովուրդի վերապրումը խորհրդանշող: Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու իր պատգամը: 6Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական Փոխանորդը, Ազգային Վարչութիւնը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու յարակից մարմինները, որոնք նուիրումով կը ծառայեն մեր եկեղեցւոյ՝ մէջբերեց Քրիստոսի խօսքը, թէ ան որ իմ ետեւես կ’ուզէ գալ, պէտք է իր անձը ուրանայ խաչը առնէ եւ ետեւես գայ (Ղկ 9:23): «Քրիստոսի ետեւէն քալել կը նշանակէ ծառայել նուիրումով ու սիրով. եւ այս է որ մենք մեր եկեղեցւոյ ճամբով կը փորձենք կատարել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները պէտք է բոլորուին եկեղեցւոյ շուրջ ամրապնդելու իրենց հաւատքը եւ իրենց ծառայութիւնը մատուցելու Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

 

8

Պատգամի աւարտին, բոլոր ներկաները աջահամբոյրով ստացան իրենց Հովուապետին օրհնութիւնը: Նշենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Հայ Կաթոլիկ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր հովիւները ինչպէս նաեւ օտար քրիստոնեայ թէ իսլամ կրօնաւորներ:

 

 

 

17Արարողութենէն ետք, Տիթրոյիթի համայնքի զաւակները սիրոյ սեղան մը սարքած էին ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ընթրիքի ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կիրակնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու աշակերտները, Համազգայինի պարախումբը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները:

 

12 Քաղաքի ոստիկանապետը, որ ներկայ էր ընթրիքին, խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան այցելութեան համար եւ գնահատեց հայ համայնքն ու Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ապագայի առողջ սերունդներու դաստիարակութեան համար տարուող դրական աշխատանքը եւ յանուն շրջանի ոստիկանութեան յուշանուէր մը յանձնեց: Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ համայնքը եւս, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի վերընձիւղումը խորհրդանշող արուեստի գործ մը յանձնեց: Ընթրիքի ընթացքին զանազան հարցումներ հարցուեցան, որոնց լուսաբանիչ պատասխաններ տուաւ Նորին Սրբութիւնը: Երեկոն փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: