14 May, 2015

«ԶԳՈՅՇ ՀԱՐԿ Է ԸԼԼԱԼ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՆՀԻՄՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵԼԷ ՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՅԱՅՏՆԵԼԷ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նիւ Ճըրզիի համայնքային շուրջ 100 պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին, Սուրիոյ հայութեան, Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան:

 

Պատասխանելով Սուրիոյ հայութեան մասին եղած հարցումներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ հետեւեալը. «Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն, խորհրդակցաբար Սուրիոյ հայութեան պատասխանատուներուն հետ, մեր Սուրբ Աթոռը յստակ կեցուածք մը ճշդեց.- Մենք, որպէս հայ համայնք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք. վարչակարգեր մնայուն չեն՝ մնայունը Սուրիան է իր ժողովուրդով: Մենք որպէս Սուրիոյ հայութիւն միշտ երախտապարտ ենք Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, որովհետեւ ցեղասպանութենէն յետոյ ան մեր ժողովուրդի զաւակները ընդունեց եւ իր հայրենիքը ու հացը կիսեց մեզի հետ: Տագնապի անցնող տարիներուն ընթացքին, մեր համայնքը կառչած մնաց նոյն քաղաքականութեան՝ հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար դարձաւ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան կարեւորութիւնը, անոր վերականգնումը մենք կը նկատենք համազգային առաջնահերթութիւն: Այս համոզումով հանգանակութիւններ կատարուեցան ու կը շարունակուին կատարուիլ մեր գաղութներէն ներս: Կաթողիկոսարանին ստացած գումարները հանգրուանային կերպով փոխանցեցինք Սուրիոյ մեր համայնքին, առաջարկելով որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգնութեան առաջնահերթութիւնները համայնքի պատասխանատու մարմինները ճշդեն՝ նկատի ունենալով տեղական պայմանները եւ մեր ժողովուրդի կարիքները»:

 

Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ ներկայ կացութեան ու ըսաւ. «Դժբախտաբար չորս տարիէ ի վեր տագնապը կը շարունակուի, երբեմն կը մեղմանայ ու երբեմն կը սաստկանայ: Այսօր փաստօրէն, ապահովական իմաստով Սուրիան հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.- Ճէզիրէի ու յատկապէս Գամիշլիի շրջանը յարաբերաբար ապահով է. Դամասկոսի շրջանը մերթ ընդ մերթ ռումբեր կ’իյնան. Քեսապի եւ ծովեզերեայ շրջանը կարելի է ապահով նկատել մտահոգիչ կը մնայ Հալէպը: Յայտնենք, որ Հալէպի մէջ քրիստոնէական՝ ներառեալ հայկական շրջանները մօտ ըլլալով կողմերը իրարմէ բաժնող սահմանագիծերուն, յաճախ ենթակայ կը դառնան կոյր ռմբակոծումներու: Իրողական այս կացութեան դիմաց ի՞նչ պէտք է ընել. բնականաբար այս հարցումին յստակ պատասխան տալը դժուար է ոեւէ պատասխանատուի կողմէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ու Մենք անձնապէս մօտէն կը հետեւինք յատկապէս Հալէպի կացութեան: Այսպէս, մնայուն կապի մէջ ենք Առաջնորդ Սրբազանին ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ անոնք մեզի կը փոխանցեն յստակ տեղեկութիւններ եւ խորհրդակցութեան ճամբով կը դիմենք անհրաժեշտ միջոցներու: Քաղաքական իմաստով՝ մնայուն կապի մէջ ենք Սուրիոյ տագնապին լուծման առնչուած շրջանային թէ միջազգային ուժերուն հետ: Այս մասին չենք կրնար աւելին ըսել: Մարդասիրական օժանդակութիւնները կը շարունակուին: Այս ուղղութեամբ կ’ուզենք Մեր գնահատանքը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին Սուրիոյ հայութեան եւ կո՛չ կ’ուղղենք շարունակելու օժանդակութիւնը: Այս առիթով կ’ուզենք կարեւորութեամբ անդրադառնալ հետեւեալ երեւոյթին. կ’իմանանք թէ որոշ անհատներ` Հայաստանի մէջ կամ Սփիւռքի զանազան գաղութներէ ներս, Սուրիոյ հայութեան գծով երբեմն անհիմն տեղեկութիւններ կը հրապարակեն, անիմաստ առաջարկներ կը ներկայացնեն, որոնք պղտոր մթնոլորտ կը ստեղծեն ու փաստօրէն միայն վնաս կրնան պատճառել Սուրիոյ մեր համայնքին: Ճիշդ չէ՛ առանց տեղեակ ըլլալու Հալէպի ներքին կացութեան եւ անոր առնչուած քաղաքական ու ապահովական զգայնութիւններուն, հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրող անհատներ անտրամաբանական տետակէտներ պարզեն ու առաջարկներ ներկայացնեն համացանցերու ճամբով: Սուրիոյ հայութեան անվտանգութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Ներկայ տագնապալից կացութեան մէջ Մենք իրապաշտ մօտեցումով պիտի շարունակենք փորձել մեր կարելին ընել: Բնականաբար ճիշդ չէ այս մասին հրապարակային արտայայտութիւն ունենալ»:

 

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատին, յայտնեց թէ՝ «Պատմական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դատ մըն է: Չմոռնանք, որ հարիւր տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, իրաւական քայլի կը դիմէ մեր եկեղեցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով: Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներ տակաւին կը մնան բռնագրաւուած ցեղասպան թուրքին կողմէ: Ահաւասիկ խօսքէ անդին գործի անցնելով մեր Սուրբ Աթոռը նախաձեռնողը եղաւ իրաւական քայլի դիմելով: Բնականաբար դիւրին չեղաւ այս քայլը եւ դիւրին պիտի չըլլայ յառաջիկայ գործընթացքը: Սակայն, մեր ազգային պահանջատիրութեան շրջագծէն ներս կալուածներու վերադարձը կարեւոր բնագաւառ մըն է՝ ուր մենք ահաւասիկ կը փորձենք մուտք գործել: Ճի՛շդ է որ իրաւական այս թղթածրարը կը ներկայացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, բայց սա մանակի դատ մը չէ, անոր իրաւատէրը մեր եկեղեցին է, Հայաստանն է ու ամբողջ հայութիւնը: Այս գիտակցութեամբ է, որ կ’ուզենք մեր ժողովուրդը մօտենայ սոյն դատին: Նաեւ չմոռնանք, որ հսկայ աղմուկ մը հանեց մեր այս դատը թրքական թէ միջազգային շրջանակներէ ներս: Մեր ազգային պահանջատիրութեան ծիրէն ներս, որքան այս իրաւական քայլը կարեւոր է՝ նոյնքան ալ կարեւոր է անոր յառաջացուցած հակազդեցութիւնը»: