26 Մայիսի, 2013

Մայիս 28-ի տօնակատարութիւն Անթիլիասի մէջ

 

ՙՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ, ԿԱՄՔԸ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔԸ ԽՏԱՑՆՈՂ ՈԳԻ ՄԸՆ Է ՄԱՅԻՍ 28-Ը, ՈՐ Կ’ԱՆԴՐԱՆՑՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ՚ Ըսաւ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Կիրակի 26 Մայիս 2013-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ս. եւ  Անմահ Պատարագով, Հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման տօնը, Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած: Մայիս 28-եան փառաւոր յաղթանակի այս տօնը, անուանակոչութեան օրն է նաեւ Ս. Աթոռոյս Արժանընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս պատարագեց ու քարոզեց՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեանը, որ անդրադարձաւ 28 Մայիս 1918-ին Հայ ժողովուրդի մղած գոյապայքարի անհրաժեշտութեան մասին:

 

Ս. Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ նոյն թուականին այլ ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգւոց համար:

 

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, հոգեւորականաց թափօրով, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ Վեհարան, ուր դահլիճին մէջ գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ, Հոգշ. Տ. Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան ուղերձ ընթերցեց: Հայր Սուրբը իր ուղերձին մէջ խօսելով Մայիս 28-ի մասին, ըսաւ. ՙ95 տարիներ անցած են այն պանծալի թուականէն՝ Մայիս 28-էն, երբ կերտուեցաւ մեր Հայրենիքի առաջին անկախութիւնը, երկար տարիներու ստրկականութենէ ետք: Այս անկախութեամբ, որպէս Հայ ժողովուրդ եկանք կրկին անգամ փաստելու համայն աշխարհին, թէ Հայը կեանքին կառչած ժողովուրդ է եւ գիտէ՜ վերապրիլ, վերակենդանանալ՚: Իսկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ. ՙ45 տարիներ առաջ Դուք ուխտեցիք հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ, Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին: Անցնող 45 տարիներու ընթացքին ու անշահախնդիր ու ամբողջական նուիրուածութեամբ ծառայեցիք այս Սուրբ Աթոռին ընդմէջէն Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին: 45 տարիներ, որոնք ոսկեայ շղթայի 45 օղակներուն նման են՝ փայլքով ու պայծառութեամբ լեցուն մեր ազգի ու եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ դրուած անկորնչելի արժէքներով: 45 տարիներ, որոնց մանաւանդ վերջին 18 տարիներու ընթացքին, որպէս Հայրապետ ու Հովուապետ հայրաբար հոգացիք մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մեր կրթական ու մշակութային օճախներուն տեսակաւոր կարիքները, ու կը շարունակէք նոյն առաքելութեամբ, քաջ ու անձնդիր Հովիւի նոյն նուիրումով՚:

 

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր գնահատանքը յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն եւ Մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն յիշատակը անմահացած տեսաւ, անոնց յիշա­տակը յարգողներուն անձին մէջ: Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ ՙՄայիս 28-ը սովորական դէպք մը չէ եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ ձեռք ձգուած յաղթանակի մը նշումը: Մայիս 28-ը ոգի մըն է, որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ժողովուրդին հաւաքական հաւատքը, վճռակամութիւնը ու յանձնառութիւնը, ի խնդիր Հայրենիքի անկախութեան ու մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներու կենսագործման: Մայիս 28-ը ոգի մըն է, որ դարձաւ ներկայութիւն մեր պատմութեան ընթացքին, մեր կեանքի տխուր ու ուրախ պահերուն, մեր հաւաքական պոռթկումներուն ու կեցուածքնեուն մէջ: Այդ ոգին էր, որ մեր ժողովուրդին տուաւ հաւատքն ու կամքը, մնալու կանգուն պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց: Այդ ոգին էր, որ մեր ժողովուրդի զաւակները մղեց իմացեալ մահով Հայրենիքը պաշտպանելու, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տէր կանգնելու, հաւաքական յանձնառութեան: Այսօր երբ Մայիս 28-ը կը նշենք, անցեալին պէտք չէ նայինք, այլ նաեւ ներկային ու մանաւանդ ապագային: Մայիս 28-ի ոգին է, որ մեր ժողովուրդին միշտ պիտի ներշնչէ, Հայ ժողովուրդի գերագոյն իտէալներուն համար ապրելու, պայքարելու, ու ի պահանջեալ հարկին նահատակուելու հաւատքն ու վճռակամութիւնը՚:

 

Դպրեվանքի երգչախումբը այնուհետեւ ազգային հայրենասիրական երգեր կատարեց, ինչպէս նաեւ Սարդարապատեան գոյապայքարին յաղթանակը պանծացնող ՙԵրբ չի մնում ելք ու ճար՚ երգը հնչեցուց, որուն մասնակից դարձաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը:

 

Մայիսեան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ՙՊահպանիչ՚ աղօթքով, որմէ ետք ներկաները աջահամբոյրով իրենց շնոր­հաւորութիւնները փոխանցեցին Նորին Սրբութեան:

More News