14 May, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

 

 

 

2Շարունակելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ֆիլատելֆիա, ընկերակցութեամբ՝ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: 12 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ Մանուկեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն ու ժողովուրդին կողմէ եւ «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:

 

 

 

7         3  

 

Յանուն Ֆիլատելֆիայի ժողովուրդին Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ հրաւիրեց, որ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցէ: Վեհափառ Հայրապետը նախ ողջունեց Ֆիլատելֆիայի մեր ժողովուրդի զաւակները եւ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցական դասն ու Ազգային Վարչութիւնը եւ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան լծուած Առաջնորդարանի բոլոր մարմինները: Ան շեշտեց մեր արմատներուն, արժէքներուն, ինքնութեան ու նահատակներու կտակին հաւատարիմ եւ կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «100-ամեակը միայն տօնակատարութեան առիթ մը չէ, որ այս տարուան ընթացքին կ’ըլլայ ու իր աւարտին կը հասնի: Ո՛չ այդպէս չէ՛ ու ադպէս պէտք չէ՛ ըլլայ: Մեզի համար ամէն օր Ապրիլ 24 է. մեզի համար ամէն տարի 100-ամեակ է՝ այնքան ատեն, որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած ցեղասպանին կողմէ»:

 

            Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Բոլոր ներկաները ստացան Հայրապետական օրհնութիւն եւ իրենց կարգին սրտաբուխ բարեմաղթութիւններ կատարեցին:

9

Սիրոյ Սեղան Ֆիլատելֆիայի Համայնքի Զաւակներուն հետ

 

            Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին հայ թէ օտար եկեղեցականներ եւ աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ, որոնք եկած էին առաւել եւս հաղորդակից դառնալու իրենց Հովուապետին: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ Մանուկեանի նուիրական ծառայութիւնը եւ իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց տեսնելով ժողովուրդին խանդավառութիւնը եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ կապուածութիւնը: Ան շեշտեց, թէ եկեղեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն առօրեայ մտահոգութեան մաս պէտք է կազմէ: Եկեղեցին պէտք է միշտ մեր ժողովուրդին ներկայութեամբ լեցուի, որպէսզի մեր ժողովուրդը ինք եկեղեցի դառնայ: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները: Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

12

 

 

 

 

 

 

Հանդիպում Ֆիլատելֆիայի Կազմակերպութեանց Ներկայացուցիչներուն Հետ

 

            Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, նախաճաշի շուրջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Ֆելատելֆիայի մէջ ծառայող հայ եկեղեցականներու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու միջեւ: Ներկայ էին նաեւ Նորին Սրբութեան ընկերացող շքախումբի անդամները: Տ. Ներսէս Աւ. Քհնյ Մանուկեան յանուն ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան իր տուած այս առիթին համար: Ան վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետին ղեկավարի արժանիքները եւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական դաշտերէն ներս անոր ունեցած կարեւոր ներդրումին: Ապա, ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ, Նորին Սրբութեան մեր ժողովուրդէն ունեցած սպասումներուն, երիտասարդութեան, Սուրիայի հայ գաղութին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Սիսի պատամական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին հարցումներ ուղղեցին, որոնց Վեհափառ Հայրապետը սպառիչ պատասխաններ տուաւ: Սոյն հանդիպումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ դէպի Նիւ Ճըրզի:  

More News