News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ

12 May 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հովուապետական այցելութեան առընթեր, մօտէն կը հետեւի Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատին:

Այս շրջագիծէն ներս Նորին Սրբութիւնը Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ դատի յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Թաներ Աքչամին հետ: Թաներ Աքչամ դրական արժեւորումը կատարեց ցարդ կատարուած աշխատանքին : Վեհափառ Հայրապետը ընդգծելով վերջին շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումներուն յատկանշական երեւոյթները, կարեւորութեամբ շեշտեց նոյն թափով աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Այս բոլորին լոյսին տակ, որոշուեցաւ Մայիս ամսուան ընթացքին Կաթողիկոսարանի դատին մասին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպել Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընդհանուր ընտրութիւններէն առաջ:

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մնայուն կապի մէջ է դատի յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, եւ մօտէն կը հետեւի միջազգային մամուլի արձագանգներուն ու Թուրքիոյ կողմէ կատարուող հակազդեցութիւններուն: