11 May, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՍԿՍԱՒ Ա.Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

 

«ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՇՐՋԱԳԻԾ, ԹՈՒԱԿԱՆ ԵՒ ՎԱՅՐ ՉԻ՛ ՃԱՆՉՆԱՐ:

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ»

Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

1Կիրակի, 10 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան սկսաւ եւ այցելեց Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ ժողովուրդին: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի եւ Ազգային Վարչութեան ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր:

 

            Օշական Արք. Չօլոյեան յանուն ներկայ ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջեց Ազգային Վարչութեան եւ իր հրաւէրին ու Հովուապետական այցելութեան համար ժամանեց Ա.Մ. Նահանգներ: Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որ օրուան պատգամը փոխանցէ:

 

Վեհափառ Հայրապետը գնահատելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Վարչութեան ծրագիրը, անդրադարձաւ Հովուապետական այցելութեան ընդհանուր բնաբանին՝ «Հաւատարմութիւն մեր արմատներուն»:

6 Ան ընդգծեց մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արմատներուն կարեւորութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեր եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցաւ: Մեր ժողովուրդին շատ մը կառոյցները քանդուած են, պետականութիւնն ու անկախութիւնը կորսնցուցած ենք, միակ կառոյցը, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մնացած է Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցին է: Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր եկեղեցին եւս որոշ դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն որպէս հոգեւոր կառոյց՝ եղած է ճառագայթող իրականութիւն եւ լուսաւորիչ ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, երբ խօսինք մեր ժողովուրդի արմատներուն մասին, առաջին հերթին պէտք է դառնանք մեր եկեղեցւոյ»:

 

Նորին Սրբութիւնը մեր մշակոյթը եւս նկատեց մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր արմատը: Անդրադառնալով ազգային պահանջատիրութեան, ան ըսաւ. «Մեզի համար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը շրջագիծ, թուական եւ վայր չի ճանչնար: Մեր նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը: Այնքան ատեն, որ մեր այս նուիրական նպատակը չէ իրականացուած մենք պիտի շարունակենք մեր հաւաքական ու ազգային պայքարը: Եթէ մենք մեր եկեղեցին, մշակոյթը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը դուրս հանենք մեր ազգին կեանքէն՝ կը մնանք առանց արմատներու: Շնորհիւ այս արժէքներուն մեր ժողովուրդը մնաց կանգուն մեր պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց»:

10

 

Պատարագի աւարտին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ներկաները մեր եկեղեցւոյ եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին մասին զանազան հարցումներ ուղղեցին իրենց Հովուապետին, որ իր կարգին լուսաբանեց զիրենք: Իսկ գաղութի մանուկները ասմունքներ կատարեցին եւ Նորին Սրբութեան ու ժողովուրդին գնահատանքին արժանացան:

 

13

Նշենք, որ նախքան պատարագի մեկնումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները իրենց իջեւանած պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, նախագահեցին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան թեմերու երկու առաջնորդներուն մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած եկեղեցական արարողութեան, իրենց Հայրապետական պատգամները փոխանցեցին եւ աջահամբոյրով օրհնեցին հայ մայրերը:

More News