6 Մայիսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Ընդառաջելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրին, Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի,  Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Տիթրոյթի, Շիքակօյի եւ այլ շրջաններու համայնքները ու իր Հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Հայկական գաղութներու այցելութեան առընթեր, Նորին Սրբութիւնը շարք մը միջ-եկեղեցական եւ քաղաքական հանդիպումներ պիտի ունենայ: Հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը, ուր Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ներկայ պիտի գտնուի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
 
    Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան պիտի ընկերանան՝ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր:

More News