4 May, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՐԻԻ (ԻՏԱԼԻԱ) ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

29-30 Ապրիլ, 2015-ին Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ, Վատիկանի հովանիին տակ գործող Սէնթ Էճիտիոյ կազմակերպութիւնը, «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ապագան» նիւթով միջազգային համագումար մը կազմակերպած էր: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու պատրիարքներ եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու արտաքին նախարարներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մարդասիրկան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան:

 

Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին խօսքը ուղղուած այս ժողովին: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը, նշելով թէ երկու կրօնները դարերէ ի վեր համագոյակցած են եւ այս երեւոյթը պէտք է շարունակուի, Միջին Արեւելքի փայլուն ապագան կերտելու համար: Վեհափառը յայտնեց թէ վայրագութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը իր բոլոր ձեւերով ու արտայայտութիւններով դատապարտելի է, հետեւաբար թէ՛ իսլամներ եւ թէ՛ քրիստոնեաներ պէտք է կեցուածք ճշդեն բոլոր նմանօրինակ շարժումներու:

 

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան եւս խօսք առնելով անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ հայ համայնքներուն, նշելով թէ անոնք լաւապէս կազմակերպուած են եւ արաբական աշխարհին մէջ հայերը օտար չեն զգար, այլ ընհակառակը՝ ընկերութեան անբաժան մէկ մասն են: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական աշխարհին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք արաբ ժողովուրդը ընդունեց մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրին զոհ գացած հայ ժողովուրդի բեկորները՝ պատսպարելով զիրենք:

More News