2 Մայիսի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔԱԹԱԼՈԿԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ The Armenian Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission

Ապրիլ ամսուան մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ « The Armenian Catholicosate Of Cilicia: History, Treasures, Mission» հատորը, որ կը բովանդակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը՝ Սիսէն մինչեւ օրերս: Հատորը նաեւ կը ներառէ Կիլիկիոյ հոգեւոր եւ մշակութային գանձերու ամբողջական եւ հարազատ պատկերը, ինչպէս՝ ձեռագրեր, մետաղեայ զարդեղէններ, եկեղեցական սպասներ, հանդերձներ, գորգագործութիւն, նկարչութիւն եւ գանդակագործութիւն, որոնց մեծ մասը փրկուած են Սիսի Կաթողիկոսարանէն ու «մշակութային ցեղասպանութենէն» եւ ներկայիս կը ցուցադրուին «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:

 

Հատորը լայնօրէն կ’անդրադառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատման պատմութեան ու առաքելութեան։

 

Սոյն հատորին պատրաստութեան եւ հրատարակութեան մէջ մեծ եւ կարեւոր դեր վերապահուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իսկ խմբագրական աշխատանքը կատարած է Դոկտ. Սեդա Տատոյեան:

 

Հատորին ներածականը ու վերջաբանը գրուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Յօդուածներով իրենց մասնակցութիւնը բերած են հանրածանօթ հայագէտներ՝ Քլոտ Մութաֆեան, Լեւոն Նորտիկեան, Սիլվիա Աճէմեան, Ռէյմոնտ Գէորգեան, Տիգրան Գոյումճեան, Մարիէլ Ռեպէր, Մովսէս Հերկելեան եւ Սեդա Տատոյեան: Հատորին լեզուն անգլերէն եւ ֆրանսերէն է։

 

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան ամոլին մեկենասութեամբ:

 

Հատորը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Երանաշնորհ կաթողիկոսներու անթառամ յիշատակին:

More News