28 April, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏ ԲԱՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ

Կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այսօր, Երեքշաբթի 28 Ապրիլ 2015-ին դատ բացաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի իր պատմական Կաթողիկոսարանին վերադարձը։

 

Քաղաքական պայմաններու հետեւանքով Կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ յետոյ 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ։ 1921-ին Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ տուաւ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին վերջնականապէս հեռանալու Կաթողիկոսարանէն։ Սահակ Կաթողիկոս ինչ որ կրնար որպէս կրօնական ու մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառեալ միւռոնի կաթսան) իր հետ առնելով, իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ բռնեց գաղթի ճամբան։ Վեհափառը յաջորդաբար հաստատուեցաւ Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930-ին, Անթիլիաս ։

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ու մեր ազգային պահանջատիրութեան աւելի գործնական արտայայտութիւն տալու հեռանկարով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամներուն մէջ յաճախակի կերպով յիշեցուց հատուցման վրայ շեշտը դնելու հրամայականը։ Այս շրջագծէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ՝ մեր ժողովուրդի կալուածներուն վերադարձը եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնումին առաջնորդող։ Ահա այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշեց դատ բանալ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ։

 

Անցնող երկու տարիներու ընթացքին, յիշեալ դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային դատավարական օրէնքներու մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ։ Վաղը Ուաշինկթընի մէջ եւ յառաջիկային Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին մեր պահանջքը օտար շրջանակներուն ու միջազգային համայնքին ծանօթացնելու համար։ Այս ուղղութեամբ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ բացատրութիւնները պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

 

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՍԱՐԱՆԻ

More News