19 Ապրիլի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌԱՄԲ Կ’ՕԾՈՒԻՆ Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂՈՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ, հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան առաջին սերմերը նետած եւ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողոմէոսի սրբապատկերներուն օծումը, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

 

Պատարագի կիսուն, նախքան քարոզի պահը, Նորին Սրբութիւնը իջնելով Հայրապետական գահէն, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ու Միաբան Հայրերու առաջնորդութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր զետեղուած էին օծուելու պատրաստ պատկերները: Սաղմոսներու, աղօթքներու, եւ զանազան աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ նախ գինիով ու ջուրով սրբուեցան պատկերները:  Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Սուրբ Աջով օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալներուն սրբապատկերներուն ճակատը ինչպէս նաեւ աջ եւ ձախ կողմերը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան: Օծումէն անմիջապէս վերջ սրբապատկերները տեղադրուեցան Մայր Խորանին աջ եւ ձախ կողմերը:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին, որուն մէջ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագումին եւ այս իրողութեան կարեւորութեան մեր եկեղեցւոյ ինքնութեան համար: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին սրբապատկերներու կարեւորութեան, անոնց ծիսական գործածութեան եւ բարեպաշտական կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին մասին: Վերջապէս, հրաւիրեց ժողովուրդը ըսելով. «Եկէ՛ք այսօր որպէս բարեխօս մօտենանք, Ս. Թադէոս և Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներուն և խնդրենք իրենցմէ, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն շնորհեն հոգեկան ու ֆիզիքական առողջութիւն։ Մեր ժողովուրդին կեանքը լեցնեն ու կենսաւորեն աստուածային ճշմարտութիւններով, աւետարանական արժէքներով եւ երկնային լոյսով, որպէսզի Քրիստոսի կենարար ներկայութեամբ հզօրացած,  պայծառակերպուած շարունակենք մեր քրիստոնէական կեանքը Աստուծոյ փառքին, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անսասանութեան համար»:

 

Պատգամին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց սրբանկարներ գծելու մասնագէտ Հայր Յովսէփ Աշգարեանը, որուն ճարտար վրձինին արդիւնքն են զոյգ սրբապատկերները: Հայր Սուրբը ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետին փափաքին նկարած եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նուիրած էր զոյգ առաքեալներուն սրբանկարները:

More News