17 April, 2015

ԴԺՈԽՔԻ ՎԱ՞Խ, ԹԷ՝ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԷՐ

Կան այնպիսի մարդիկ որոնք Աստուծոյ կը դառնան, որոնք կ’աղաղակեն եւ արցունք կը թափեն անոր առջեւ, ո´չ թէ որովհետեւ կը սիրեն զինք եւ կամ անոր հետ ըլլալ կը փափաքին, այլ որովհետեւ կը վախնան դժոխք նետուելէն: Այդպիսիներուն մտահոգութիւնը պարզապէս դժոխքին մէջ չնետուիլն է: Դժոխքին վախն է որ այդպիսիները ծունկի կը բերէ Աստուծոյ առջեւ եւ ո´չ թէ Քրիստոսի սէրը: Նման վերաբերմունք անձնասէր մարդու վերաբերմունք է եւ ո´չ թէ աստուածասէր մարդու վերաբերմունք: Թէպէտ պէտք է ընդունիլ, որ քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք դժոխքէն վախնալով փարած են Քրիստոսի ոտքերուն եւ որոնց սիրտերէն Քրիստոս դուրս շպրտած է դժոխքին վախը եւ լեցուցած զանոնք իր կրակէ սիրով:

Աստուծոյ յատուկ մէկ գործելակերպն է անզիղջ մեղաւորներուն սիրտերուն մէջ դնել մահուան եւ դժոխքի վախը, զիրենք առաջնորդելու համար ապաշխարութեան եւ փրկութեան: Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կ’ըսէ. «Իմ հոգիիս մէջ բեւեռէ մահուան սոսկալի օրը, դժոխքի սարսափը եւ արքայութեան սէրը, որպէսզի զղջամ իմ մեղքերուս համար եւ արդարութիւն գործեմ»: Արդարեւ, երբ մտածենք թէ օր պիտի գայ երբ պիտի մեռնինք՝ այդ մտածումը կրնայ մեզ մեղանչումէ հեռու պահել: Երբ խորհինք դժոխքի արհաւիրքներուն եւ պակուցումին մասին՝ այդ կրնայ մեզ ինքնասրբագրութեան առաջնորդել: Իսկ երբ խորհրդածենք Յիսուսի սիրոյն մասին, այդ կրնայ մեր սիրտը փոխել, մեր հոգին սրբել եւ մեր համակ էութիւնը լեցնել խաղաղութեան գեղեցկագոյն զգացումով:

Մեր սիրտերուն մէջ Յիսուսի սէրը աւելի´ մեծ պէտք է ըլլայ քան դժոխքի վախը: Դժոխքի ահը մեզ կրնայ անարդար գործերէ հեռու պահել, բայց չի´ կրնար անարդարութեան ոգին արմատահան ընել մեր հոգիէն: Դժոխքի վախը կրնայ մեզ պիղծ բաներէ հեռացնել, բայց չի´ կրնար մեզ սրբել եւ սրբացնել: Յիսուսի սէ´րն է որ մեզ կը սրբէ եւ կը սրբացնէ: Յիսուսի սէ´րն է որ արդարութեան նկատմամբ սէ´ր կը բորբոքէ մեր ներսիդին: Յիսուսի սէ´րն է որ երկինքին հանդէպ կարօտի զօրաւոր զգացում կը դնէ մեր մէջ:

Այս բոլորը դժոխքի վախը չի´ կրնար ընել: Դժոխքի սարսափը մեզ աստուածասէր եւ աստուածամերձ չի´ դարձներ եթէ երբեք չխնդրենք եւ չվայելենք Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մեր սիրտերուն մէջ: Սուրբ Հոգին պէտք է գործէ որպէսզի սկսինք սիրել զԱստուած եւ մեր նմանը: Ինչպէս վախէն քաջութիւն չի յառաջանար կամ խռովութենէն՝ խաղաղութիւն, այնպէս ալ մահուան եւ դժոխքի զարհուրելի տեսարաններուն մասին խոկալը՝ մեզ երբեք երկինքի Արքային զաւակները չի´ դարձներ: Անոնք կրնան մեզ դժոխքէն հեռացնել, բայց մեզ երկինքին մօտեցնողը Յիսուս Քրիստոս ի´նքն է:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News