17 Ապրիլի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2015-ին, Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միաբան Հայրերէ կազմուած թափօրի առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին հիւսիւսային աւանդատան կողքը՝ Սրբալոյս Միւռոն եփելու աշխատանքներու համար պատրաստուած վայրը: Նորին Սրբութիւնը կաթսային մէջ լեցուց Ս. Միւռոնի համար պատրաստուած ձիւթաիւղն ու դափնիի իւղը, աղօթքներու ու շարականներու երգեցողութեամբ եւ ապա, միւռոնադրոշմ Հայրապետական Աջով վառեց կրակը:

 

        Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը 24 ժամ եփած իւղերուն մէջ աւելցուց Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ, ու Սսոյ Մայր Մաշտոցի մէջ ցանկագրուած, քառասունէ աւելի ծաղիկները, արմատները եւ զանազան բուրումնաւէտ խունկերն ու իւղերը, որոնք հաւաքուած էին զանազան երկիրներէ՝ Փէրույէն մինչեւ Հնդկաստան, իւրաքանչիւրը հայրապետներու կողմէ ճշդուած քանակին համաձայն: Բոլոր նիւթերը նախապէս Միաբան Հայրերու կողմէ մանրուած եւ սանդերու մէջ ծեծուած էին սաղմոսասացութեան ընկերակցութեամբ: Երկու օրերու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը զանազան առիթներով այցելեց Ս. Միւռոնի պատրաստութեան վայրը հետեւելու աշխատանքներուն եւ իւրաքանչիւր հանգրուանին ստուգեց նորեփ Միւռոնին բուրմունքը:

 

Միաբան Հայրեր, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի անմիջական հսկողութեան ներքոյ, սաղմոսասացութեամբ եւ աղօթական մթնոլորտի մէջ, մասնակից դարձան դարերէ աւանդուած Ս. Միւռոն եփելու աշխատանքներուն. աւանդը հաւատարմութեամբ շարունակելու եւ հաւատքի ջահը վառ պահելու հաստատակամութեամբ:

More News