25 May, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Մետրոպոլիտ Պիշոն

Շաբաթ 25 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ղպտի եկեղեցւոյ միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Մետր. Պիշոն: Յարգելի հիւրը առաջին հերթին ղպտի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թաւատրոս Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա պարզեց Եգիպտոսի ներքին կացութիւնը, ու յատկապէս ղպտի եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Մետր. Պիշոյ նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին Թաւատրոս Պատրիարքը պիտի այցելէ Անթիլիաս, ուր նաեւ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի հայ, աոսրի եւ ղպտի եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներու յանձնախումբին հերթական հանդիպումը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած նոր իրավիճակին դիմաց քրիստոնէական ներքին միութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան միաժամանակ ընդգծեց քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, հակառակ մեզ շրջապատող զգայնութիւններուն:

More News