5 Ապրիլի, 2015

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է ԽԱՒԱՐԻՆ ԴԷՄ»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան ըսաւ, «Աստուծոյ Որդին գերեզման իջեցնելով մարդիկ կարծեցին որ կեանքի ու ճշմարտութեան լոյսը կարելի է թաղել։ Քրիստոս իր յարութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ ո՛չ, կարելի չէ լոյսը գերեզմանել։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ լոյսը հոմանիշ է ճշմարտութեան, յաւիտենական կեանքի։ Քրիստոս ըսաւ ես եմ լոյսը աշխարհին, այլ խօսքով՝ Քրիստոս ըսաւ թէ վաւերական կեանքը, յաւիտենական ճշմարտութիւնը, երկնային արժէքները ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք։ Աշխարհին հրամցուցած բոլոր “արժէք”ները ու “ճշմարտութիւն”ները փուճ են ու ժամանակաւոր. անոնք խաւարով պատուած են ու տիրապետուած եւ անոնց վախճանը խաւար է միայն։ Քրիստոս խաւար գերեզման իջնելով յաղթեց խաւարին։ Ուր լոյսը գոյ է, հոն խաւարը չի կրնար գոյ դառնալ։ Այլ խօսքով՝ լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ։ Ուր Քրիստոս կայ, հոն յաւիտենական լոյսը կը ճառագայթէ։ Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն է լոյսին։ Քրիստոսի յարութեամբ հզօրացած, Քրիստոսի հետեւորդները միշտ պիտի յաղթեն խաւարին, խաւարածին մտածումներուն, գործերուն ու խաւարացեալ մարդոց»։

 

     Ապա, անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան լոյսով իր կեանքը շաղախած հայ ժողովուրդին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մենք Քրիստոսի յարութեան լոյսով պայծառակերպեցինք մեր կեանքը։ Մեր թշնամիներու ջարդերուն ու հալածանքներուն դիմաց Քրիստոսի լոյսով զօրացած մենք մեր հայրենիքը պահեցինք, հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւն կատարեցինք։ Հարիւր տարիներ առաջ խաւարային ծրագիրներով լեցուն մարդիկ փորձեցին հայ ժողովուրդը գերեզմանել. այսօր, Քրիստոսի յարութեան լոյսով լուսաւորուած մեր ժողովուրդը գերեզմանէն դուրս է ելած եւ Քրիստոսի յարութեամբ կը տօնախմբէ ի՛ր յարութիւնը»։

 

          Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կացութեան եւ քննադատեց փոքրամասնութիւններու ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերումը ծայրայեղական խմբակներու կողմէ։ Ան ըսաւ. «Դարեր շարունակ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու հետեւորդները միասին ապրած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ։ Խումբ մը ծայրայեղականներ իրաւունք չունին պատմութեան մէջ արմատացած երկու կրօններու համակեցութիւնը ու հասարակաց արժէքներն ու աւանդութիւնները հարցականի տակ առնելու եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու շրջանէն ներս։ Մեր սպասումն է, որ իսլամ պատասխանատուներ, կրօնական թէ քաղաքական, խիստ կեցուածք որդեգրեն նման շարժումներուն ու երեւոյթներուն դէմ»։

 

          Խօսելով Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը։ «Անբնական, անհասկնալի եւ անընդունելի կացութիւն մըն է երբ ահաւասիկ շուրջ տարիէ մը ի վեր Լիբանան նախագահ չունի։ Ուրիշները չէ որ պիտի ճշդեն այս երկրի ապագան։ Մեր դրացիներուն հետ մեր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը բնական ու անհրաժեշտ է, սակայն այդ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը իր սահմանները պէտք է ունենայ այլապէս Լիբանանը կը դառնայ ենթակայ ուրիշներու շահերուն։ Լիբանանի երեսփոխանները պատմութեան ու ժողովուրդին դիմաց պատասխանատուութիւնը ունին նոր նախագահի ընտրութեան։ Անոնք պէտք է տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութեան», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։

 

      Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Զատկուան պատարագին ներկայ եղաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Պատարագէն ետք եւ նոյն օրը յետ միջօրէին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ընդունեց։ Նշենք թէ այս առթիւ Նորին Սուրբ Օծութիւնը շնորհաւորագրեր ստացաւ Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ներս թէ դուրս գտնուող հոգեւոր պետերէ։

 

More News