1 April, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մավրոմատիս` դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին ընկերակցութեամբ։

 

      Վեհափառ Հայրապետին և դեսպանին հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաջին հերթին ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի ու Լիբանանի մէջ և Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս տեղի ունենալիք գլխաւոր ձեռնարկներուն մասին։

 

      Դեսպանը իր կառավարութեան ամբողջական զօրակցութիւնը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին` հայ ժողովուրդի արդար դատի նկատմամբ և յայտնեց որ Կիպրոսի կառավարութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ 100-ամեակին առնչուած նախաձեռնութիւններուն։

More News