27 Մարտի, 2015

Քրիստոս ի´նքն է որ կը ծաղկազարդէ մեր սիրտը, հոգին, միտքը եւ կեանքը (Ծաղկազարդի առիթով)

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ բնորոշուած է Ծաղկազարդ անունով, ո´չ միայն որովհետեւ անոր մուտքը տեղի ունեցած է գարնան, երբ գետիններն ու արտերը ծածկուած էին վարդերով ու ծաղիկներով, այլ նաեւ ու յատկապէս անոր համար` որ Յիսուս ի´նք պիտի ըլլար մարդոց աշունացած հոգիները գարունի վերածողը, մարդոց սգատուն դարձած սիրտերը երկնային հարսնարանի փոխակերպողը:

Քրիստոս իր յաղթական մուտքովը Երուսաղէմ ցոյց տուաւ, թէ ի´նքն է որ աշունացած սիրտերը, այլ խօսքով՝ Աստուծոյ ներկայութենէն ու սէրէն, Աստուծոյ գութէն ու գորովէն դատարկուած սիրտերը կը զարդարէ Աստուծոյ սիրոյն ծաղիկներով, Աստուծոյ ներկայութեան բուրեան վարդերով:

Քրիստոս իր յաղթական մուտքովը Երուսաղէմ ցոյց տուաւ, թէ ի´նքն է որ աշունացած հոգիները, այլ խօսքով՝ հաւատքի ու աղօթքի կրակէն մերկացած հոգիները, կը լեցնէ հաւատքի ու աղօթքի կրակով, եւ զանոնք կը վերածէ ծաղկազարդուած կենսունակ ծառերու:

Քրիստոս իր յաղթական մուտքովը Երուսաղէմ ցոյց տուաւ, թէ ի´նքն է որ աշունացած մարդոց միտքերը, այլ խօսքով՝ իրենց դրական ու աստուածահաճոյ մտածողութիւնն ու մտածումները կորսնցուցած մարդոց, կը շնորհէ մտքի նորոգութիւն ու պայծառութիւն:

Քրիստոս իր յաղթական մուտքովը Երուսաղէմ ցոյց տուաւ, թէ ի´նքն է որ աշունացած մարդոց կեանքերուն, այլ խօսքով՝ իրենց իմաստէն ու նշանակութենէն, իրենց գեղեցկութենէն ու նպատակէն պարպուած մարդոց կեանքերուն իմա´ստ ու նշանակութի´ւն կու տայ, գեղեցկութի´ւն ու նպատա´կ կը շնորհէ:

Հետեւաբար, անոնք որոնք կը զգան թէ իրենց սիրտերուն մէջ լռա´ծ են փառաբանութեան ձայները, այսօ´ր, Ծաղկազարդի´ առիթով, թող խնդրեն Տիրոջմէ, որ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ փառաբանութեան այդ ձայները վերստին հնչեցնէ իրենց սիրտերուն մէջ ու իրենց սիրտերէն:

Անոնք որոնք կը զգան թէ իրենց հոգիներուն մէջ աններողամտութեան փուշեր աճած են, այսօ´ր, Ծաղկազարդի´ առիթով, թող հայցեն Տիրոջմէ, որ արմատախիլ ընէ աններողամտութեան այդ փուշերը իրենց հոգիներէն, եւ անոնց փոխարէն զարդարէ զիրենք ներողամտութեան ու համբերատարութեան ծաղիկներով:

Անոնք որոնք կը խորհին թէ կասկածամտութեան ու մտահոգութեան տատասկները տեղ գտած են իրենց մտքին ու մտածելակերպին մէջ, թող աղաղակեն Տիրոջ, որպէսզի իր խօսքին զօրութեամբ խլէ զանոնք, եւ անոնց փոխարէն, հաստատէ իրենց մտքին մէջ վստահութեան որթատունկը:

Անոնք որոնք կը կարծեն թէ իրենց կեանքը դարձած է իմաստազուրկ, եւ կորսնցուցած է ամէ´ն գեղեցկութիւն, ամէ´ն յաղթանակ եւ ուրախութիւն, այսօր, Ծաղկազարդի´ առիթով, թող աղաչեն Տիրոջ, որ փոխակերպէ իրենց կեանքը, իր արիւնովը մաքրէ, իր սիրովը լեցնէ, իր հոգիովը գեղեցկացնէ, եւ իր ներկայութեամբը` զայն պարուրէ ուրախութեամբ ու յաղթանակով:

Սիրելինե´ր, առանց Քրիստոսի՝ չկա´յ սրտի, հոգիի, մտքի ու կեանքի ծաղկազարդում:

Սիրտ մը առանց Քրիստոսի, կը նմանի մեռելներու ոսկորներով լեցուն գերեզմանի մը, ուր չկա´յ կեանքի ու յոյսի նշոյլ: Քրիստոս ի´նքն է որ մեռած սիրտերը կը կենդանացնէ, եւ անյոյս թուացող սիրտերը՝ յոյսի օրինակ կը դարձնէ:

Հոգի մը առանց Քրիստոսի, կը նմանի տղմալից ճահիճի մը, որուն մէջ գարշելի ճճիներն ու միջատները կը վխտան: Քրիստոս ի´նքն է որ ճահճացած հոգիները առատահոս կենսատու աղբիւրներու կը վերածէ:

Միտք մը առանց Քրիստոսի, կը նմանի իր ազատ կամքին ձգուած նաւակին, որ կը տարուբերուի հովին ու փոթորիկին կողմէ, եւ կը զարնուի այս ու այդ ժայռին, մինչեւ որ փշրուի ու կործանի: Քրիստոս ի´նքն է որ մարդկային մտքի ղեկը իր ձեռքը առնելով՝ զայն կ’առաջնորդէ յաղթականօրէն ու դէպի յաղթանակ, ապահովութեամբ ու դէպի երկնային ապահովութիւն:

Կեանք մը առանց Քրիստոսի, կը նմանի իր տերեւներէն ու ծաղիկներէն մերկացած ծառի մը, որ ո´չ շուք փնտռողին կրնայ զովութիւն տալ, եւ ո´չ ալ անօթի եղողին՝ պտուղ: Քրիստոս ի´նքն է որ անկենդան ծառը կը կենդանացնէ, եւ պտղազուրկ ծառը՝ պտուղներով կը լեցնէ:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News