24 March, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄՈՒՆԻՊ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Երէկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ առաջնորդ Մունիպ Եպիսկոպոսը։ Յայտնենք, որ ան նաեւ Լուտերական Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդին ներկայ նախագահն է, եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նախագահներէն մէկը։

 

Մունիպ Եպիսկոպոսին հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին հետ աշխատանքային բնոյթ ունէր։ Հանդիպման ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կապուած վարչական ու յարաբերական բնոյթ ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննարկելու Լուտերական եկեղեցիներուն եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւն յառաջացնելու կարելիութիւնները։