9 March, 2015

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ INTERNATIONAL CRIMINAL LAW REVIEW-Ի ԲԱՑԱՌԻԿ ԹԻՒԸ

Միջազգային ակադեմական մասնագիտական մարզէն ներս, Միջազգային Քրէական Օրէնքի կապուած կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն է International Criminal Law Review պարբերաթերթը, որ կը հրատարակուի Durham համալսարանի հովանաւորութեամբ։

 

Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող Միջազգային Օրէնքի կապուած երեք ականաւոր պարբերաթերթերուն շարքին՝ այս պարբերաթերթը միակն է որ կը կեդրոնանայ յատկապէս Միջազգային Քրէական Օրէնքին International Criminal Law վրայ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը առնչուած է Միջազգային Օրէնքի այս մարզին։

 

Նախապէս, միջազգային դատարանները կը գործէին Ընդհանուր Միջազգային Օրէնքի (International Law)՝ օրէնքի ընդհանուր սկզբունքներուն (general principles of law) եւ Մարդկային Օրէնքի (humanitarian law) հիման վրայ։ Միջազգային Քրէական Դատարանի (International Criminal Court) հիմնադրումը, անոր ներքին կանոնագրութեան բացթողումները եւ քրէական օրէնքներու կիրառումը՝ մեկնաբանութեանց պարարտ ենթահող մը ստեղեցին, մեկնակէտը հանդիսանալով սոյն պարբերաթերթի հրատարակութեան։

Վերոնշեալ պարբերաթերթը կը քննարկէ Միջազգային Քրէական Օրէնքի բոլոր երեսները ու մարզերը, դառնալով սոյն օրէնքի կապուած միակ ամբողջական ու վաւերական աղբիւրը, մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ։ Անոր խմբագրական կազմին անդամ են Միջազգային Օրէնքի աշխարհահռչակ մասնագէտներ։ Միջազգային վարկ վայելող այս պարբերաթերթի հրատարակութիւնը ստանձնած է Brill Nijhoff, Brill publishes եւ Martinue Nijhoff աշխարհածանօթ հրատարակչատունը։

 

Սոյն պարբերաթերթը առաջարկեց ստանձնել 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովի նիւթերը,՝ որոնք լոյս տեսած են այսօր 470 էջերէ բաղկացած International Criminal Law Review-ի բացառիկ թիւի մը մէջ (Volume 14, Issue 2, 2014)։

 

Հարկ է յիշեցնել, թէ 24-25 Փետրուար 2012-ին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած էր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» խորագրով աննախընթաց խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան Միջազգային Օրէնքի մօտ 30 մասնագէտներ՝ աշխարհի կարեւոր համալսարաններէն։ Այս համագումարը անկիւնադարձ մը կազմեց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ։

 

Նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները Հայ Դատի մնայուն ու ազդու միջոցներն են՝ իրենց վաւերականութեամբ, առարկայականութեամբ եւ քարոզչութեամբ։

 

Վաւերականութիւնը կը հիմնուի մասնագիտական մօտեցումին եւ անոր վայելած միջազգային ճանաչման ու վարկին վրայ։

 

Իսկ առարկայականութիւնը կը հիմնուի երբ հարց մը կը ներկայացուի գիտական ենթահողի վրայ։ Այս ձեւով Հայ Դատը «ջատագովութենէն» անդին անցնելով հանրութեան կը ներկայացուի Միջազգային Օրէնքի հիմնաւորումներով։ Նման առարկայական մօտեցումը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ մանաւանդ երբ հեղինակը ոչ հայ մըն է ու այս պարագային՝ ակադեմական հռչակ վայելող համալսարանի մը Միջազգային Օրէնքի դասախօս։

 

Այս բոլորին վրայ կ’աւելնայ անշուշտ քարոզչական բեմը։ Չմոռնանք, որ համալսարաններու դասախօսներ, միջազգային ատեաններու փաստաբաններ եւ Միջազգային Օրէնքի մասնագէտները, մօտէն կը հետեւին նման վարկ ունեցող հրատարակութիւններուն որպէս աղբիւր (reference)։

 

Արդ, Հայ Դատի գործնական հետապնդման ճամբուն վրայ, սոյն հրատարակութիւնը՝ զայն նախորդող Անթիլիասի միջազգային համագումարէն ետք, կարեւոր քայլ մը կը համարուի ու ճամբայ կը բանայ նորանոր քայլերու, մասնաւորաբար իրաւական դաշտէն ներս մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման։

 

 

Նորա Պայրագտարեան

 

More News