9 March, 2015

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» Է. Հատորը

2015 Մարտ ամսուան մէջ, հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ՝ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ձայնագրեալ Շարականներ»ու 7-րդ հատորը, որ կը բովանդակէ.-

 

  1. Ս. Աստուածածնի երեք օրերու կանոնները
  2. Վերացման խաչի եօթը օրերը
  3. Խաչի Նաւակատիքի կանոնը
  4. Շողակաթի կանոնը
  5. Վարագայ Խաչի կանոնը
  6. Գիւտ Խաչի կանոնը:

 

Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեան միատեսակութիւն մը ստեղծել: Նաեւ, պահուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական երգեցողութիւնը:

       Սոյն հատորը նուիրուած է Երանաշնորհ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի անթառամ յիշատակին, իր վախճանման տասներորդ տարելիցին առիթով:

 

            Հատորին մեկենասն է Տիկին Անի Փամփանի, իր ամուսնոյն՝ Անտրէ Փամփանիի անթառամ յիշատակին: Այս հատորին իրականցման աշխատանքներուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեան:

More News