17 February, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական ու զօրակցութեան նամակներ յղեց, Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիին եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին, Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներու տխուր մահուան առիթով, իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Եգիպտոսի ժողովուրդին յիշեցուց՝ ծայրայեղականութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, որ շրջանէն ներս կը խաթարէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը:

Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի ուղղած իր նամակին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ իր վշտակցութիւն յայտնեց 21 ղպտի եկեղեցւոյ անմեղ զաւակներուն համար, զանոնք կոչելով 21-րդ դարու նահատակներ: Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ համար, մարտիրոսները յատուկ տեղ կը գրաւեն, 21 ղպտիները, որոնք արեան նահատակութեամբ մկրտուեցան, պէտք է ամրապնդեն մեզ, մեր հաւատքին մէջ անսասան մնալու:

Զոյգ նամակներու աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անոնով զօրակցութիւն յայտնեց եգիպտացի ժողովուրդին եւ Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ:

More News