16 February, 2015

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՈԼԱՆՏԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս-Լիբանան

 

Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն էր, որ յարձակումի կ’ենթարկուէր: Արդարեւ, ժողովրդավարութիւնը խօսքի, մտածման եւ ստեղծագործութեան ազատութիւնն է. միաժամանակ ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ բազմազանութիւն եւ զանազանութիւն:

 

Ֆրանսան տեղի պիտի չտայ խաւարամտութեան. եւ ես պիտի շարունակեմ Ֆրանսայի անունով դրօշակիրը դառնալ, թէ՛ ազգային եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ, մեր հիմնական արժէքներուն՝ ազատութեան, հանդուրժողականութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան:

 

Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւնս յայտնելով Ձեր զօրակցութեան համար, կը խնդրեմ Ձերդ Սրբութենէն ընդունիլ իմ յարգանքս:

 

Ֆրանսուա Հոլանտ

Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան

 file-page1 2

 

More News