13 February, 2015

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ՝

«ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՓՈՔՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ»

 

Տեառնընդառաջի տօնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ծնողներուն ու մանուկներուն մօտ, որոնք Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի տօնին խորհուրդով իրենց հաւատքը կ’ամրապնդեն: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին լուսաւորուելու Քրիստոսի օրհնաբաշխ լոյսով:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրով ուղղուեցաւ Մայր Տաճար եւ հանդիսապետեց Երեկոյեան ժամերգութեան ու նախագահեց նախատօնակին: Նորին Սրբութիւնը ներկայ ժողովուրդին խօսեցաւ Տեառնընդառաջի արարողութենէն բխող երկու պատգամներու մասին: Առաջին՝ անդրադարձաւ Քրիստոսի բերած լոյսին կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Աշխարհը խաւարին մէջ ընկղմած էր որովհետեւ Աստուծմէ հեռու էր, Աստուծմէ հեռացած մարդկային կեանքը խաւար է. Քրիստոս եկաւ այդ խաւարը իր լոյսով լուսաւորելու, որ պայծառակերպեց մարդկային կեանքը եւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ ամբողջ տիեզերքը: Լոյսը Քրիստոս ինքն է, հետեւաբար երբ մենք մօտենանք լոյսին՝ Քրիստոսին է որ կը մօտենանք: Երբ լոյսը կ’առնենք եւ մեր տուները կը տանինք՝ Քրիստոս է որ կը տանինք մեր տուները: Ուստի, մեր անհատական թէ ընտանեկան կեանքը պէտք է լեցնենք լոյս Քրիստոսով»: Երկրորդ՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ մանուկներու եկեղեցւոյ ընծայման խորհուրդին մասին եւ պատգամեց. «Մեր մանուկները եկեղեցի բերելով Աստուծոյ կ’ընծայենք: Մեր մանուկները պէտք է Աստուծոյ տան մէջ մեծնան, ուռճանան, կազմաւորուին եւ մեր հոգեկան ու բարոյական արժէքներով սնանին: Այս գիտակցութեամբ, մեր ծնողները պէտք է նաեւ ընտանիքները վերածեն փոքր եկեղեցիներու՝ սրբազան կառոյցներու, ուր մեր զաւակները պիտի կազմաւորուին եւ դառնան ճշմարիտ քրիստոնեայ հայեր»:    

Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ծնողներն ու մանուկները: Ապա, ծնողներու առաջնորդութեամբ մանուկները մօտեցան եկեղեցւոյ դասը եւ միաբան հայրերու կողմէ ընծայուեցան Ս. Խորանին:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, թափօրով առաջնորդուելով Մայրավանքի շրջափակը, Հայրապետական Սուրբ Աջով Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: Դպրեվանեցիներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկաները: Ապա, հաւատացեալներ իրենց հետ վառած մոմեր տարին, Քրիստոսի լոյսով ջերմացնելու իրենց սրտերն ու հոգիները եւ լուսաւորելու իրենց տուները: