12 February, 2015

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՆԵՐԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ՝ հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան պայքարի անհրաժեշտութեան:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Միաբան Հայրերը, Դպրեվանքի սաներն ու ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաները Վարդանանց նուիրուած երգերով ոգեկոչեցին հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագիրը ամրապնդող ու ինքնութիւնը կերտող պատմական պատերազմը:

Վեհափառ Հայրապետը, այս առիթով արտասանած իր ոգեշունչ ճառին մէջ նշեց. «Ռազմական հասկացողութեամբ Վարդանանց պատերազմը փոքր ճակատամարտ մըն էր։ Սակայն մեր պատմութեան ենթահողին վրայ դիտուած այդ ճակատամարտը ազգային, քաղաքական, կրօնական ու գաղափարախօսական ճակատագրական եւ յատկանշական նշանակութիւն ունեցող դէպք մըն էր»: Նորին Սրբութիւնը ներշնչուելով Հայոց Սպարապետին արտասանած ճառէն ըսաւ. «Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այն բոլոր փորձերուն դիմաց, որոնք կուգան մեր հայրենիքը գերելու, մեր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը յափշտակելու. փուճ է մեր կեանքը երբ մենք կ՚ապրինք մեր անձերուն համար, մենք հայրենիքին համար պատրաստ պիտի ըլլանք մեր արիւնը թափելու։ Այսօր Վարդանի հոգիով եւ հաւատքով, հայրենիքին ու հաւատքին համար արիւն թափելու պատրաստակամութիւնը ու քաջութիւնը մենք կը տեսնենք Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր զինուորներուն մօտ, որոնք գիշեր ու ցերեկ՝ փոթորիկին, բուքին ու տաքին պատրատ են իրենց արիւնը թափելու հայրենիքի պաշտպանութեան, արդարութեան ու ազատութեան համար։ Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրէն կ՚ողջունենք Ղարաբաղի արի զաւակները՝ նոր օրերու Վարդան Մամիկոնեանները, որոնք իրենց քաջ կեցուածքով պատրատ են իրենց արիւնը թափելու վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց»։

Ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը եւ ապա հնչեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական մաղթերգը:

More News