5 February, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Տիար՝ Գրիգոր Մահսերէճեանը։ Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանը, շրջանէն ներս վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պարգեւատրեալին բարեկամներն ու դասընկերները։

Յաջորդաբար խօսք առին ազգային բարերար եւ Միացեալ Էմիրութեանց Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Տիար Հրայր Սողոմոնեան եւ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանը։ Ապա խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Գրիգոր Մահսերէճեանին, որ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել Ապու Տապիի մեր գաղութին եւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարգ մը ծրագիրներուն։ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը կարդաց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Գրիգոր Մահսերէճեանը։

Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առնելով պարգեւատրեալը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, յիշելով թէ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը իր մէջ կազմաւորած էին իր ծնողքը եւ իր ուսուցիչները։ Ան միաժամանակ վերահաստատեց, որ նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել մեր ազգին ու եկեղեցւոյ ու յատկապէս Ապու Տապիի մեր գաղութին։

More News