9 January, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Րայի Պատրիարքին փոխանորդները՝ Փոլ Սայեահ և Մազլում Արքեպիսկոպոսները։

 

Ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Լիբանանի և ընդհանրապէս շրջանին կապուած Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը և մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւնը։ Արքեպիսկոպոսները յայտնեցին, որ յառաջիկայ Փետրուարին, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ կապուած Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան և այդ ուղղութեամբ ուզեցին ունենալ Նորին Սրբութեան տեսակէտները։