2 Հունիսի, 2013

Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

Կիրակի 2 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ա., Բ. եւ Գ. Ժառանգաւորացի սաները դպրութեան աստիճան ստացան, իսկ Ա. Ընծայարանի սաները Կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան:

 

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեան: Իսկ նախքան «Հայր Մեր», Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը Ձեռնադրութեան կարգը կատարեց, եւ իր հայրական խօսքը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած սաներուն:

 

Կիսասարկաւագ եղան Գէորգ Նալպանտեան եւ Ա. Ընծայարանի վեց սաներ՝ Սարգիս Աճեմեան, Համլիկ Զաքարեան, Մովսէս Խաչատուրեան, Յարութիւն Կիւլոյեան, Յովհաննէս Չուալերթանեան եւ Պօղոս Քէսապլեան:

 

Իսկ Դպիր եղան Ա., Բ. եւ Գ. Ժառանգաւորացի սաներէն՝ Տիգրան Զապոնեան, Եսայի Մանուկեան, Ներսէս Գոզանեան, Յակոբ Գազանճեան, Րաֆֆի Գասապեան, Շանթ Գարակէօզեան, Կարապետ Էօրտէքեան, Զօհրապ Մանուկեան, Յարութիւն Չիլաբոշեան, Ղազար Քէօշկէրեան եւ Յակոբ Քիւրտեան:

 

Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, նոր ձեռնադրուած կիսասարկաւագները, Տեսչութեան անդամներուն եւ Ձեռնադրիչ Սրբազանին հետ, բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին մօտ ու ստացան Անոր օրհնութիւնը:

More News