5 January, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՅԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:

 

Դեսպանը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ներկայացնելէ ետք, խօսեցաւ Նոյեմբեր 2014-ին Նորին Սրբութեան Իրան կատարած Հովուապետական այցելութեան դրական անդրադարձին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ կրօնական շրջանակներէն ներս:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին դեսպանին միջոցաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի պետական պատասխանատուներուն, իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեանց համար: Նորին Սրբութիւնը եւ Դեսպան Ֆաթըհ Ալին նաեւ անդրադարձան շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն: Վերջապէս, անոնք շեշտեցին Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը:

 

Նոյն օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Երկխօսութեան Կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի եւ Արաբական Դրամատուներու Խմբակցութեան նախագահ Դոկտ. Ժոզէֆ Թարապայի:

More News